Շաբաթ, 8 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան այցելեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոն, յանձնելու անցնող Չորեքշաբթի օր Դամասկոսի սահմանէն ստանձնած Ֆրեզնոյի հայ համայնքին կողմէ կատարուած դեղորայք եւ բժշկական նիւթեր պարունակող օժանդակութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ Ազգ․ Երեսփոխանական ժողովի անդամ, ՀՀ Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի։
Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Եզրաս Աբղ. Թէնէքէճեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան:

Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեանի, առողջապահական յանձնախումբին մօտ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Մայտա Աւագեանի եւ առողջապահական յանձնախումբին կողմէ։

Սրբազան Հայրը ներկայանալով կեդրոն ՍՕ Խաչի առողջապահական յանձնախումբին յանձնեց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը։

ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրեզնոյի հայ համայնքին, իրենց կատարած մարդասիրական օժանդակութեան համար։ Ան երախտագիտական զգացումով անդրադարձաւ, թէ երկրաշարժի աղէտալի օրէն սկսեալ անհատներու թէ բարսիրական հաստատութիւններու կողմէ ուղարկուած դեղորայքի օժանդակութիւնները, անվճար կերպով կը տրամադրուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ մինչեւ օրս աշխատանքը նոյն ձեւով կը շարունակուի։

Առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ բժշկհ. Թագուհի Թաշճեան-Գաբրիէլեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի հայ համայնքին, բժշկական առաքելութեամբ իրենց կատարած արժէքաւոր եւ մասնագիտական դեղորայքի օժանդակութեան համար։ Ան յայտնեց, թէ ցանկագրումի աշխատանք տանելով բոլոր դեղերը պիտի արձանագրուին եւ ըստ կարիքի պիտի տրամադրուին Հալէպի հիւանդանոցներու եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի հայ համայնքին եւ ՀՀ Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոսին, որոնք նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ իրենց եղբայրասիրութիւնը արտայայտեցին, յատկապէս հալէպահայութեան նկատմամբ, սփոփելով երկրաշարժի հետեւանքով անոնց կրած ցաւն ու դժուարութիւնները։
Սրբազան Հայրը Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով իր հայրական օրհնութիւնները, աղօթքը եւ բարեմաղթութիւնները ուղղեց Ֆրեզնոյի հայ համայնքին, մաղթելով արեւշատ եւ աստուածային օրհնութեամբ լեցուն տարիներ։