Միջին Արեւելքը հարուածած ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքները ամոքելու հաւաքական ճիգին մասնակցելով եւ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը ձեռնարկեց դրամահաւաքի արշաւի:
Հանգանակութենէն գոյացած 5000 եւրոյի գումարը՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ճամբով կը փոխանցուի Սուրիահայ գաղութին: Վերոնշեալ գումարը պիտի տրամադրուի երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ մեր հայրենակիցներու կարիքներուն, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի, Երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակին համար կազմուած՝ Երկրաշարժի Կեդրոնական յանձնախումբի եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան համատեղ ծրագիրներով ու դասաւորումով:
Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւն