ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հրաւէրով 13 Ապրիլին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւրոպական երկիրներու մէջ գործող յանձնախումբերու պատասխանատուներու առցանց քննարկում, որուն մասնակցած են աւելի քան տասը երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու պատասխանատուներ։

Քննարկումին օրակարգը վերաբերած է Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին եւ իւրաքանչիւր յանձնախումբի նախընթաց ամիսներու աշխատանքի վերագնահատման, ընթացիկ ու յառաջիկայ աշխատանքներուն՝ միտուած Ղարաբաղեան հիմնահարցի ներկայ հանգրուանին եւ ատրպէյճանական շարունակական յարձակումի մասին եւրոպական հասարակական-քաղաքական, պետական շրջանակներու հետ նպատակադրուած աշխատանքով առարկայական իրավիճակ ձեւաւորելուն։ Այս առումով գոհունակութեամբ անդրադարձ կատարուած է Եւրոպական Խորհրդարանի կողմէն ընդունուած վերջին բանաձեւերուն եւ կարեւոր համարուած է Եւրոմիութեան գործադիր իշխանութեան կողմէն խորհրդարանի քաղաքական դիրքորոշման հետեւելու անհրաժեշտութիւնը։
Յատուկ անդրադարձ կատարուած է Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքներուն հետեւանքով Հայաստան ժամանող Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներու այցելութիւններուն արդիւնաւէտութեան եւ ընդգծուած է անոնց շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը։

Առանձնայատուկ քննարկուած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին եւ անոր ղեկավար Գասպար Կարապետեանի դէմ սկիզբ առած աղտոտ հակաքարոզչութեան նոր ալիքը, որ ինչպէս նախորդները, ուղղակիօրէն ղեկավարուած են Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէն։ Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է Եւրոպայի մէջ փտածութեան դրսեւորումներով իրականացուող ատրպէյճանական հակաքարոզչութեան իրաւական, հասարակական, քաղաքական եւ քարոզչական տեսանկիւններէն հակադարձելու եւ ատրպէյճանական հերթական սադրանքը ձախողելու ուղիները։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
14.04.2023 թ.