Երկուշաբթի, 17 Ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան իսլամական «Ռամատան» օրհնեալ ամսուան առիթով Հալէպի բոլոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները հրաւիրեց «իֆթար»-ի, «Նիւ Սպիտակ» ճաշարանէն ներս, առ ի գնահատանք անոնց նուիրական առաքելութեան, յատկապէս երկրաշարժի աղէտալի օրերուն:

Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հաւաքը համարեց գեղեցկագոյն առիթ, որուն ընդմէջէն կը բացայայտուի երկու կրօնքներուն եղբայրասիրութեան եւ մարդասիրութեան յատկանիշները։
Մակար Սրբազան մեծապէս գնահատեց լրագրողներուն ծառայութիւնը, զանոնք համարելով Սուրիոյ ժողովուրդին առաքեալները, որոնցմէ կախեալ է արդարութեան, ճշմարտութեան եւ իրաւունքի հետապնդումը։

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց լրագրողները, Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատը, Սուրիոյ պետութիւնն ու ժողովուրդը՝ Ֆըթըր տօնին առիթով, որ կը զուգադիպի Սուրբ Յարութեան տօնին, եւ մաղթեց, որ Աստուած ընդունի բոլորին աղօթքները եւ իր օրհնութիւնը տարածէ բոլորին վրայ։

Մտերմիկ հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն ծանօթացման եւ գործակցութեան։

Հալէպի պետական ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններու տնօրէն եւ լրագրողներու միութեան գործադիր գրասենեակի անդամ Ապտուլ Քարիմ Ապէիտ խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ յայտնեց, թէ Ս. Յարութեան տօնը, Ֆըթըր տօնը եւ Սուրիոյ անկախութեան տօնը միասնաբար յիշատակելով աշխարհին կը պարզենք մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական կապը եւ Սուրիոյ ժողովուրդին միասնականութիւնը, առանց որեւէ խտրութեան։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն, որոնք երկրաշարժի աղէտալի օրերուն մարդասիրական աշխատանքներուն ճշգրիտ պատկերը փոխանցեցին աշխարհին, դիտել տալիվ որ կարգ մը պետութիւններ փորձեցին քաղաքականացնել նոյնիսկ մարդասիրական օժանդակութիւնները ։

Իֆթարին ներկայ էին նաեւ Հալէպի լրատուամիջոցներու գրասենեակի տնօրէնը, հայկական լրատուամիջոցներու եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները եւ հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։