Այսօր երեկոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելեց «Գանձասար»-ի խմբագրատուն։

Խմբագրակազմին հետ հանդիպումին ու մտերմիկ զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ «Գանձասար»-ի 30-ամեայ երթին, անոր կարեւոր դերին՝ համայնքի կեանքի պատկերն ու առօրեան արտացոլացնելու եւ գրողներու բեմը հանդիսանալու առումով։

Այս առիթով «Գանձասար»-ի խմբագիրը Բիւրոյի ներկայացուցիչին նուիրեց «Գանձասար»-ի տարեկան բացառիկ հատորէն օրինակ մը։

Աւարտին «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ, զոր կը հրատարակենք յառաջիկայ օրերուն։