Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսութեան գործակցութեամբ եւ աջակցութեամբ, ՀՀ Մարդասիրական խումբը այցելեց և առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ ու սնունդ յանձնեց ՍՕ Խաչի Ազգային Պատսպարանին:

Արարողութեան աւարտին Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, ՀՀ Մարդասիրական խումբի ղեկավար Վահան Թադեւոսեան և խումբի անդամները հանդիպում ունեցան Ազգ.Պատսպարանի Յանձնախումբին և աշխատակիցներուն հետ՝ բարձր գնահատելով անոնց անշահախնդիր գործունէութիւնը:

Այնուհետեւ Դ.Թադեւոսեան եւ Վ.Թադեւոսեան շնորհաւորեցին Ազգ.Պատսպարանի ողջ անձնակազմը եւ փոքրիկները՝ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով: