Յանուն` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի Վարիչ Մարմինին, մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի մեր 120. 000 քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք դաժան շրջափակման պայմաններուն տակ հերոսական դիմադրութիւն կը ցուցաբերեն թուրք-ազերիական ահաբեկման և ցեղային զտման քաղաքանութեան դէմ:

Հակառակ համաշխարհային հեղինակաւոր ատեաններուն կողմէ Լաչինի միջանցքը անյապաղ բանալու որոշումին և կոչերուն, Ատըրպէյճան կը շարունակէ անտեսել եւ շրջափակման տակ պահել Արցախահայութիւնը:

Մենք կը հաւատանք, որ Ալիեւի նման ամբարտաւան պահուածքը հետեւանք է այն անպատժելիութեան, որ յառաջացած է միջազգային կառոյցներուն անգործութեան և Ատրպէյճանի նախորդ բազում ոտնձգութիւններուն` սոսկ դատապարտումի կոչերով արձագանգելուն հետեւանքով:

Պատերազմի եւ երկրաշարժի զոյգ աղէտներէն տուժած մայր գաղութ Հալէպէն՝ եւս մէկ անգամ կը վերահաստատենք մեր յանձնառութիւնը եւ կառչածութիւնը մեր անժամանցելի ազգային գոյապայքարին, որուն արդի ժամանակներու ռազմի դաշտը Հերոսական Արցախն է:

Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութիւն
Հալէպ, 16 Ապրիլ 2023