Երեւանի մամլոյ ակումբի նախագահ Պորիս Նաւասարդեան «Մատրիտեան սկզբունքներու» մասին Նիկոլ Փաշինեանի մեկնաբանութենէն վերջ 24news․am-ի եթերին ըսած է.
«Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ 2018-ը եղած բանակցային ամբողջ գործընթացը կը փորձէ վարկաբեկել։ Եթէ անոր միակ նպատակը քաղաքական է, այսինքն՝ արդարացնել այն բոլոր անյաջողութիւնները, զորս ունեցած ենք վերջին տարիներու ընթացքին, ատիկա քաղաքական մարտավարութիւն կարելի է համարել։ Եթէ այլ կողմէ մօտենանք ու ենթադրենք, որ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է այն, ինչ կը մտածէ, ատիկա կը նշանակէ, որ ան մինչեւ այսօր ընդհանրապէս պատկերացում չունի ինչ եղած է հակամարտութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին», աւելցնելով․ «Եւ եթէ ատիկա չի պատկերացներ, նախապատկերը չունի, դժուար է պատկերացնել մեր իշխանութիւններէն, ճիշդ դիրքորոշում ունենալ նաեւ այսօր»։

«Եթէ կը խօսինք «Մատրիտեան սկզբունքներուն» մասին, ես կը համարեմ, որ հակամարտութեան յաղթահարման այն մեթոտը, որ կար մինչեւ 2011 թուական, կ’ենթադրէր, որ միջնորդները ուսումնասիրեն հակամարտող կողմերու դիրքորոշումները եւ իրական իրավիճակը տարածաշրջանի մէջ եւ այդ ամէնը նկատի առնելով՝ առաջարկած են լուծման լաւագոյն բնորդը։ Իմ գնահատումով, «Մատրիտեան սկզբունքները» եւ այն, ինչ որ անոնց շուրջ ձեւաւորուած է, լաւագոյն բնորդը կը կազմեն հարցի լուծման՝ ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ ատիկա չգիտակցիլը․․․», ըսած է Պորիս Նաւասարդեան։
Անոր խօսքին համաձայն, «Մատրիտեան սկզբունքները» այսօր չեն կրնար գործել, որովհետեւ այսօր հակամարտութեան յաղթահարման բնորդի միջնորդներուն դերակատարումը համարեա զերօ է։ Այսօր բնորդը կրնայ ըլլալ միայն երկողմնի բանակցութիւն։

Երբ հարց տրուեցաւ, որ արդեօ՞ք «Մատրիտեան սկզբունքները» չէր ենթադրեր ինքնորոշում տարածքային ամբողջականութեան մէջ, Պորիս Նաւասարդեան պատասխանած է․ «Ոչ, կ’ենթադրէր հարցի այնպիսի լաւագույն լուծում, որ պիտի ձեւաւորուի որոշակի անցումային շրջանէն վերջ»։

Մէկ այլ հարցումին՝ «Այսինքն, ճիշդ է պնդումը, որ «Մատրիտեան սկզբունքներով», որ առաջարկած էին, դրախտ է անոր համեմատ, ինչ-որ ունինք», պատասխանած է՝ «Իսկ ո՞վ կը կասկածի»։

Նշենք, որ երէկ՝ 18 Ապրիլին, Ազգային Ժողովի մէջ Նիկոլ Փաշինեան խեղաթիւրած է բանակցային փաստաթուղթն ու պատմութիւնը՝ յայտարարելով, թէ «Մատրիտեան սկզբունքներով» Հայաստանը Արցախը ճանչցած է Ատրպէյճանի մաս։