Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչական ձեռնարկները սոսկ յիշատակումի արարողութիւններ չէին: Այնտեղ հնչած պատգամներուն մէջ ներհայկական եւ քաղաքական ուղերձներ նկատելի կը դառնային:

Ներհայկական իմաստով ողջունելի էր հալէպահայ հոգեւոր պետերու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու միասնական մասնակցութիւնը ձեռնարկներուն, ինչ որ կ’արտացոլացնէր Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման ու արդար հատուցման, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան ժխտման օրակարգերու անժամանցելիութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները համահայկական մասշտապով շարունակելու անոնց հաստատակամութիւնը:
Արցախի շրջափակման հարցը եւս կը դատապարտուէր բոլորին կողմէ, այնպէս ինչպէս դատապարտուած ու բարձրաձայնուած էր Արցախի զօրակցական միասնական հաւաքին ընթացքին:
Միւս կողմէ, 24 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց ծաղկեպսակներու զետեղման կը մասնակցէին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հալէպի հիւպատոսն ու պաղեստինեան «Քուտս» գումարտակի քաղաքական թեւի պատասխանատուն:
Իրանի դիւանագիտական ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը, յատկապէս Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, Հայաստանի ու հայութեան զօրակցութեան արտայայտութիւն էր՝ բովանդակային նշանակութեամբ թէ՛ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը դատապարտող, թէ՛ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը ժխտող, եւ թէ Արցախի ու Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած շարունակուող յարձակումներուն, միեւնոյն ատեն Իրանի անվտանգութեան սպառնացող ատրպէյճանական թափանցումներուն դիմաց Հայաստանի հետ մերձեցման ուղերձ յղող:
Պաղեստինեան «Քուտս» գումարտակի քաղաքական թեւի պատասխանատուին արտասանած խօսքը արեան տուչութեան ձեռնարկին եւ հալէպահայերու կողքին իր ու գումարտակի անդամներու մասնակցութիւնը արեան տուչութեան յըստակ պատգամ ունէին:
Հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդները իրենց արդար իրաւունքներու տիրացման պայքարին մէջ նոյն հակառակորդին ոտնձգութիւններուն կ’ենթարկուին:
Ճշմարիտ էր նաեւ անոր խօսքին մէջ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն եւ այլատեացութեան անդրադարձը: Նոյն Ատրպէյճանին, որ Սուրիա ահաբեկիչներ արտածելէ կարճ շրջան մը ետք, այդ ահաբեկիչները կը տեղափոխէր Հայաստանի ու Արցախի սահման:
Սուրիոյ մէջ պաղեստինեան «Քուտս» գումարտակի քաղաքական թեւի ներկայացուցիչը կը հաստատէր, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը սատարելով դիմադրող ժողովուրդներու իրաւազրկման օրակարգերուն, այդ ժողովուրդներու գործակցութիւնը հրամայական կը դարձնեն այս օրերուն:
Այս երեւոյթները կը յուշեն, որ սուրիահայ համայնքը կարելիութիւն ունի քաղաքական նման մերձեցումներ երեւելի ու արդիւնաւէտ դարձնելու: