Այս շաբթուան ընթացքին Հալէպի մէջ տեղի ունեցան մէկէ աւելի ձեռնարկներ, որոնք կը յատկանշուէին  համահայկական մեր առօրեային առնչուող քանի մը նշաձողերով:
Առաջինը Արցախի զօրակցութեան հաւաքին հալէպահայութեան միասնական ներկայութիւնն էր: Այս ձեռնարկին հալէպահայութեան խիտ շարքերով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, երեք յարանուանութիւններու եւ երեք կուսակցութիւններու՝ ՀՅ Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներով մասնակցութիւնը, կը հաստատէր, որ Արցախը սոսկ տարածք չէ հայութեան համար, այլ՝ հայրենիք: Արցախի տագնապը միայն Արցախի ժողովուրդին տագնապը չէ, այլ համայն հայութեան:
Իսկ զօրակցութիւնը սոսկ հաւաքուիլ եւ պատգամներ ունկնդրել չի նշանակեր, այլ՝ Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման միտող, Արցախի պաշտպանութեան համահայկական պահանջ ձեւաւորող քայլ է առաւելաբար: Պահանջ, որուն ի տես կարելի չէ ձեռնածալ մնալ, այլ հարկ է գործել Սփիւռքի եւ հայրենիքի ներուժը օգտագործելու հեռանկարով՝ ի խնդիր հայութեան վերաբերող տագնապներու լուծման:
Ինչպէ՞ս. նախ մէկը միւսին տագնապին, ինչպէս նաեւ կարելիութիւններուն քաջատեղեակ ըլլալով: Այս իմաստով դրական էր Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանի ներկայութիւնը Հալէպ ու բանախօսութիւնը՝ ուղղուած հալէպահայութեան: Իր պատգամին մէջ Իշխանեան նախ կը պարզէր Արցախի տագնապին ողջ էութիւնը, ապա կը կամրջէր Արցախի ժողովուրդն ու հալէպահայութիւնը՝ նշելով Սուրիան ցնցած երկրաշարժին Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը նաեւ:
Իշխանեան ականատեսը կ’ըլլար նաեւ հալէպահայութեան զօրակցութեան եւ երիտասարդ սերունդներու ազգային դաստիարակութեան: Իսկ այս բոլորը ի՞նչ նպաստ կրնան բերել Արցախի կենաց մահու պայքարին: Բնականաբար աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներուն լոյսին տակ անգամ մըն ալ երեւան կը հանեն այն, որ այս պայքարին մէջ արցախցին առանձին չէ, իսկ մարդկային, տնտեսական եւ քաղաքական յենարաններ կարելի է ունենալ հայաշխարհի տարբեր համայնքներու կարելիութիւններու ծրագրեալ համադրումով:
Այս համադրումը որքան ուշանայ, այնքան կը տարտղնուին մեր ազգին ու ժողովուրդին կարելիութիւնները ու կը կորսուին անոնց ճշգրիտ շահարկման առաւելութիւնները:
Երկրորդը Հայ Դատի Միջին Արեւելքի յանձնախումբերու խորհրդաժողովն էր՝ Հալէպի մէջ գումարուած, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին մասնակցութեամբ:
Միջին Արեւելքի մէջ ուժերու վերադասաւորում կը գոյանայ: Աւելին. տարածաշրջանի երկիրները նոր քաղաքականութեան ուրուագիծը կը սահմանեն՝ նոր առանցք մը կը ձեւաւորեն, որ պիտի ազդէ ու ազդուի աշխարհաքաղաքական համընդհանուր զարգացումներէն, շրջանցէ քաղաքական նախկին մօտեցումները եւ յարաբերութիւններու նոր տեսակ ու որակ ճշդէ:
Այստեղ կարեւոր էր Միջին Արեւելքի ներկայ զարգացումներուն վերանայում կատարել եւ հայ ժողովուրդի տարբեր իրաւունքներու պաշտպանութեան լծուած Հայ Դատի յանձնախումբերու յառաջիկայ մարտավարութեան լծակներն ու դաշտերը ընդգծել՝ նկատի ունենալով ե՛ւ տարածաշրջանի ե՛ւ հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական զարգացումները եւ երկու տարածաշրջաններուն մէջ ապրող հայութեան ազդելու եւ ազդուելու գործօնները: