Հասիչէի հայ համայնքը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայացուեցան բանաստեղծութիւններ եւ կենդանի պատկերներ։ Ետքը եկեղեցւոյ շուրջը մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն հոգւոյն։

Հասիչէի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Արմէն Նալպանտեան ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին հաղորդեց, որ իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ 24-ին Հայ համայնքը Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը յիշէ, ամբողջ աշխարհին կը յիշեցնէ եւ իր արդար իրաւունքները կը պահանջէ։ Ան աւելցնելով ըսաւ, որ հայ համայնքը պիտի շարունակէ ցեղասպանութեան յիշատակը ոգեկոչել, մինչեւ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ամբողջանայ եւ ոճրագործը արդար պատիժը կրէ։