Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան «Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Կիրակի, 23 Ապրիլ 2023-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած մոմավառութիւն եւ ոգեկոչում:

Օրուան պատգամը ուղղեց հրապարագիր, բանասէր, Հալէպի հայագիտական հիմնարկի Հայ Դատի վաստակաւոր դասախօս Աւօ Գաթրճեան:

Ան անդրադարձաւ շարք մը հարցերու, յիշեցնելով որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տակաւին կը շարունակուի, երբ անպատիժ կը մնայ ցեղասպանը իր գործած ոճիրին նկատմամբ եւ երբ Թուրքիան իրեն գործակից եւ ցեղակից եղբօր՝ Ազրպէյճանին, հետ միասին շրջապատումի կ’ենթարկէ Արցախը: Սակայն հայկական հարցը ապրող իրականութիւն է, որովհետեւ անցնող 108 տարիներու ընթացքին հայութեան կողմէ կատարուած է եւ կը կատարուի հսկայական աշխատանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցնելու եւ հայ դատի արդարացիութիւնը ներկայացնելու:
Ապա աւելցուց. «Յաղթած ենք այնտեղ, ուր միասնական եղած ենք եւ պարտուած ենք այնտեղ, ուր պառակտուած եղած ենք»:

Եզրափակելով օրուան խորհուրդը Գաթրճեան ըսաւ. «Չկայ որեւէ զոհողութիւն, զոր կարելի ըլլայ բաղդատել Եղեռնի նահատակներուն զոհողութեան հետ: Չկայ որեւէ փառք, որ կարենայ գերադասել անոնց արժանացած փառքը, ոչ իսկ երախտագիտութիւն մը, որ գերազանցէ անոնցը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, մեր սրբադասուած հայրենակիցներուն կորուստը այսօր աւելի շատ մեր մէջ թող արթնցնէ հոգիի պոռթկում, տայ մեզի աւելի շատ ուժ, որ կարողանանք մեր նպատակներու ճանապարհին ըլլալ ուժեղ, գործունեայ ու մանաւանդ միասնական, որպէսզի միայն աղէտները մեզ չհամախմբեն, այլեւ ուրախութիւնները: Հաւատարիմ մնանք բոլոր նահատակներուն յիշատակին Արեւմտահայաստանէն Տէր Զօր, Ռաս ուլ Այն, Մարկատէ, հասնելով Եռաբլուր եւ Արցախ աշխարհ։ Թող անոնց արիւնը մեզ հրաւիրէ զգաստացումի, հզօրացումի, հաստատ կամքի անքակտելիութեան՝ հայու ինքնագիտակցութեամբ, արժանիքներու վերանայմամբ ու Հայ Դատի հետապնդմամբ: Վերջապէս՝ բոլորս քաջ գիտենք, որ Ապրիլ 24-ը սոսկական օր չէ, անիկա պատմութիւն է, նահատակութեան, վերապրումի, եւ իրաւունքի պատմութիւն է: Իրաւունքի ձեռքբերման պատմութիւնը կը սպասէ մեզի, կը սպասէ ձեզի՝ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ»:

Գեղարուեստական յայտագիրը կ’ընգրկէր կենդանի պատկեր՝ «Խեղդամահ» Սիամանթոյէն, մեներգներ՝ «Ատանայի Կոտորածը» եւ «Հայի Արիւն», Նահատակ մտաւորականներու կենսագրականներ, խմբային ասմունք՝ «Հաւատում Եմ Քեզ» (Վահագն Դաւթեան):

Ոգեկոչման աւարտին գիւղիս հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տէր Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեան իր սրտի խօսքը ուղղեց, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց հոգեպարար երեկոն:

Կազմակերպութեամբ Քեսապի հայ երեք համայնքներուն եւ մասնակցութեամբ քեսապահայ միութիւններուն՝ Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչման հանդիսութիւն՝ Քեսապի Հայ Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիէն ներս, «Հայու Կամքով՝ Հաստատ Ապագայ» խորագիրով:
Հանդիսութեան ներկայ էին Քեսապի Հայ երեք համայնքներու հոգեւոր հովիւները, պետական պաշտօնեաներ, ազգայիններ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քեսապահայ հոծ բազմութիւն:

Օրուան հանդիսավարներ՝ Ազգ. Ուսումն. Միացեալ ճեմարանի ուսուցչուհիներ Մարիա Ղազարեան եւ Մարինա Բէնդէզեան ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գերապատիւ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, որ յայտնեց, թէ նոյնիսկ եթէ մէկ հայ մնայ այս աշխարհին մէջ, պիտի չմոռնայ ու պահանջատէրը պիտի մնայ Հայ Դատին, իսկ նոր սերունդի զաւակները միշտ պատրաստ պիտի ըլլան Հայ Դատի ճամբով պաշտպանելու հայոց իրաւունքները։ Պիտի պայքարինք ու պահանջատէրը պիտի մնանք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, որովհետեւ մեր պայքարը յաւերժ է։

Գեղարուեստական հայրենաշունչ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ, որ կ’ընդգրկէր մեներգներ՝ Արաքօ Արամեան- Լնդեան «Օտարութիւն» եւ Յովիկ Դանիէլեան «Կեանք ու Կռիւ», ասմունքներ՝ Կարօտ Արծիւ Սարգօ(Բ. կարգ, Ճեմարան) «Երգ Կռունկի Մասին» (Գէորգ Էմին), Վարդինէ Դանիէլեան «Աննահանջ Երթ» ընդհանուր խորագրով բանաստեղծութիւններէ համադրուած փունջ մը։ Ապա ներկայացուեցաւ կենդանի պատկեր՝ Ազգ. Ուսումն. Միացեալ ճեմարանի ԺԱ. Կարգի աշակերտներուն կողմէ:

Ոգեկոչման աւարտին ցուցադրուեցաւ Քեսապի երեք տեղահանութիւններուն անդրադարձող տեսերիզ մը։

Օրուան բանախօսն էր Հայ Աւետարանական Համայնքի հոգեւոր հովիւ պատուելի Շանթ Ակիշեան: Ան իր պատգամին մէջ ըսաւ. «108 տարի առաջ ցեղասպան թուրքը փորձեց ոչնչացնել մեր ազգը, բայց այսօր մենք որպէս հայ ազգի զաւակներ այստեղ հաւաքուած անգամ մը եւս կ’ըսենք, թէ մենք կը շարունակենք ապրիլ եւ ապրելով կը շարունակենք պայքարիլ, աշխատիլ եւ շինել: Պատմութեան ընթացքին մենք միշտ եղած ենք վերականգնող եւ շինող ազգ: վերականգնած ենք ո’չ միայն մեր եկեղեցիները, դպրոցները, բնակարանները, այլ նաեւ մարդկային հոգեւոր եւ ազգային արժէքները»:
Հոգեշնորհ Տէր Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանի եզրափակիչ խօսքով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը:

Այնուհետեւ գլխաւորութեամբ հայ երեք համայնքներու հոգեւորականներուն, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտական շարքին առաջնորդութեամբ, քեսապահայերը, երիտասարդ թէ տարեց, ուղղուեցան դէպի Մեծ Եղեռնի յուշակոթող, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց եւ բարեխօսութեան կարգ՝ յիշելու եւ յարգելու աւելի քան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակները:

Ոգեկոչումը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Թղթակից