Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի պատմական Պոլշոյ թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պրաւօ» միջազգային դասական երաժշտութեան մրցանակի բաշխման արարողութիւնը, մասնակցութեամբ ռուս եւ օտար երաժիշտներու։

Երեկոյթին պարգեւատրուեցաւ սուրիահայ երաժիշտ, Սուրիոյ սիմֆոնիք ազգային նուագախումբի խմբավար մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանը, որպէս մասնակից երկիրներու դասական երաժշտութեան լաւագոյն կատարող։

Այս առիթով Պաղպուտարեան ըսաւ, որ մրցանակը կը բաժնեկցի իր սուրիացի բոլոր գործընկերներուն հետ, որոնք հակառակ պատերազմի տարիներուն շարունակեցին իրենց երաժշտական գործունէութիւնը։