«Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէք՛ Աստուծոյ զանազան շնորհքներէն բարի տնտեսներու պէս։» (Ա Պտ 4:10)

Օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբազան Եպս. Աշգարեանի, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2023-ին Գամիշլիի մէջ սկիզբ առաւ Աստուածաշունչի սերտողութեան դասընթացքը, մասնակցութեամբ 23 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու՝ Գամիշլիի Ս. Յակոբ, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եւ Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու կիրակնօրեայ դպրոցներէն, մասնակցութեամբ Ճեզիրէի կիրակնօրեայ դպրոցներու տնօրէն Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի,
Համազգայինի մշակութային կեդրոնէն ներս։

Բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ «Տէր Ողորմեա» շարականով։ Արդարեւ «Հոգեւոր ղեկավարի պատրաստութիւն» խորագիրը կրող սեմինարը, «Վերիդաս» կազմակերպութեան Աստուածաբանական սերտողութեան համալսարանի քառամեայ ուսուցողութեան առաջին օղակն է, որ 60 ժամուան տեւողութեամբ պիտի դասաւանդուի չորս օրերու ընթացքին՝ 21, 22 27 եւ 28 Ապրիլին, համալսարանի տնօրէն պրն. Ամինի եւ ուսուցչաց կազմին կողմէ։

Դասընթացքին նպատակն է մասնակիցներուն սորվեցնել Աստուածաշնչական համարները լաւապէս հասկնալու եւ վերլուծելու մեթոտները, զայն ճշգրիտ եւ հաւատարիմ ձեւով փոխանցելու, հետեւելով «բարի տնտես»-ի օրինակին։

Իր կարգին, Շաբաթ 22 Ապրիլին Ճէզիրէի Առաջնորդական փոխանորդը այցելութիւն տուաւ մասնակիցներուն, ուղղելով անոնց բարի գալստեան եւ շնորհակալական խօսքեր՝ տարուած լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքին համար։

Յիշենք, որ քառամեայ այս ծրագիրին հետեւողը կ՛արժանանայ համալսարանական վկայականի համահաւասար հաստատագիրի, «Վերիդաս»-ի Աստուածաբանական սերտողութիւններու համալսարանէն։

Ռիթա Տէր Սարգիսեան Կարապետեան