Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան պաշտօնական կայքը։

Յիշուած է, որ 1 Մայիսին ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնտընի Պլինքըն նախ առանձին հանդիպումներ կ’ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, այնուհետև տեղի պիտի ունենայ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հանդիպումը։

Բոլոր հանդիպումները մամուլի համար փակ պիտի ըլլան։