Արցախի երիտասարդները նախաձեռնած են ստորագրահաւաքի՝ պահանջելով դադրեցնել Արցախի մէջ Ատրպէյճանի վարած հայերու ցեղային զտումի ու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը եւ ապահովելու 9 Նոյեմբեր 2020_ի եռակողմ յայտարարութեան կատարումը։
Պահանջներու հասցէատէրերն են.

– ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ պետութիւնները։

– ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները։

– ՀՀ վարչապետը՝ որպէս ՀՀ անկախութեան հռչակագիրով Արցախի Հանրապետութեան հարցով իրաւական եւ քաղաքական պատասխանատուութիւն ստանձնած պետութեան ղեկավար։

Նախաձեռնութեան միացած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։

Նախաձեռնութեան կարելի է միանալ ու աջակցիլ թէ՛ Արցախի տարբեր բնակավայրերէն կազմակերպուած ստորագրահաւաքով եւ թէ՛ առցանց պահանջագիրով։