Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2023-ի «7» թուակիր օրենսդրական հրամանագիրը, որուն համաձայն Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն ազգային սնտուկ պիտի յատկացուի, անոնց նիւթական կարիքները ապահովելու որոշ չափանիշներու համաձայն։