Այսօր, Սուրիոյ, Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի Եւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարները Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գումարուած ժողովի աւարտին հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ, ուր իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ եւ անոր կառոյցներուն, որպէսզի վերջինս իր վերահսկողութիւնը տարածէ երկրի ողջ տարածքին վրայ եւ վերջ տայ զինեալ ահաբեկիչներու ներկայութեան, ինչպէս նաեւ կասեցնէ սուրիական ներքին հարցին օտար միջամտութիւնները:

Անոնք շեշտեցին Սուրիոյ, տուեալ երկիրներու եւ ՄԱԿ-ի գործակցութեան ամրապնդումը իրենց սահմաններու ապահովութեան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ ահաբեկչութեան դէմ դնելու համար: