Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսի Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2023-ին Սուրիա երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ, ընկերակցութեամբ քաղաքական եւ տնտեսական պատուիրակութեան։
Նախագահ Ռաիսի հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին հետ՝ խորհրդակցելու համար երկու երկիրներուն յարաբերութեան, քաղաքական եւ տնտեսական միացեալ հետաքրքրութիւն ունեցող հարցերուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային մակարդակով արձանագրուած վերջին զարգացումներուն շուրջ։