Երկուշաբթի, 1 Մայիս 2023-ի գիշերուան ժամը 23:35-ին, Իսրայէլ Հալէպի հարաւարեւելեան բաժինէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Հալէպի Միջազգային Օդակայանին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զինուոր մը նահատակուեցաւ, արձանագրուեցան 7 վիրաւորներ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ։

Յարձակումին հետեւանքով Հալէպի Միջազգային Օդակայանը ծառայութենէ դուրս եկաւ։

Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։