«Էրմէնիհապեր»._ 1 Մայիսին Անթալիոյ մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հանդիպած է տարբեր լրատուականներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Լրագրողներու հետ հարց-պատասխանի ընթացքին Չաւուշօղլու անդրադարձած է Լաչինի միջանցքին Հաքարի Կամուրջին վրայ Ատրպէյճանի՝ անօրինական անցակէտին:

Չաւուշօղլու իր խօսքին մէջ շարք մը անհիմն մեղադրանքներ հնչեցնելով Հայաստանի հասցէին, ըսած է.

«Հայաստան տարբեր փոքր ճանապարհներով զէնք, ապօրինի զինուոր ուղարկած է Լեռնային Ղարաբաղ: Ատրպէյճան բացայայտեց ատիկա: ԱԹՍ-ները հետեւած են: Այդ իսկ պատճառով Ատրպէյճան այդ անցակէտը կառուցած է, ծայրաստիճան իրաւացի բան է։ Ատրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան տեսանկիւնէն ծայր աստիճան կարեւոր է», ըսած է Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարը կրկնած է թուրք-ատրպէյճանական այն անհիմն պնդումները, որոնց համաձայն՝ վերոնշեալ տարածքները «Ատրպէյճանի հողերն են»: