Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնտընի Պլինքըն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին խոր մտահոգութիւն յայտնած է դիտել տալով, որ Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքին անցակէտի տեղադրումը կը խաթարէ խաղաղութեան գործընթացին վստահութիւն հաղորդելու ջանքերը, ընդգծելով Լաչինի միջանցքը կարելի եղած չափով արագ վերաբանալու կարեւորութիւնը։

Ուաշինկթընի հաղորդագրութեան համաձայն, Պլինքըն խոստացած է Ուաշինկթընի շարունակական աջակցութիւնը հայ-ատրպէյճանական խաղաղ բանակցութիւններուն՝ համոզում յայտնելով, որ խաղաղութիւնը կարելի է:

Պաքուին համաձայն, Ալիեւ Պլինքընին ըսած է, որ Լաչինի անցակէտը տեղադրուած է Ատրպէյճանի ինքնիշխան իրաւունքներուն եւ միջազգային բոլոր ձեւաչափերուն համապատասխան։

Ատրպէյճանի նախագահը ընդգծած է, որ անցակէտին նպատակը ոչ թէ երթեւեկութեան սահմանափակումն է, այլ վերահսկողութեան ապահովումը, եւ մարդիկ արդէն կ’անցնին այդ անցակէտով։

Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, որ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները պիտի ապահովեն Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնն ու միջազգային փաստաթուղթերը, որոնց միացած է Պաքուն: