Հալէպի Նոր Գիւղի Կիւլպէնկեան մայրանոցին դիմացով, երկու թաղ վեր Զէյթուն Խանն էր: Կիսափուլ կամ կիսաշէն դղեակ մը, ուր բազմաթիւ ընտանիքներ կ’ապրէին, ամէն մէկը մէկ սենեակ առած: Յետոյ հասկցայ, որ այդ կիսաշէն կառոյցը դէպի Իրաք գացող շոգեկառքին կայարանը պիտի ըլլար, բայց շինութիւնը կիսատ մնացեր է, որովհետեւ շոգեկառքին գիծը ա՛յդ կողմէն չէ անցեր, կարծեմ դէպի Պաղտատ, չեմ գիտեր:
Քիչ մը թափառիլը սակայն համացանցին մէջ օգուտ տուաւ եւ յիշողութիւնս արթնցաւ,  լսողական յիշողութիւնս, երբ կը լսէի մօրս եւ մօրաքոյրներուս զրոյցները, առանց շատ բան հասկնալու անոնցմէ. պարզապէս Մուսուլ բառը յիշեցի …
Ուրեմն 1903 Թուականին կը սկսին աշխատանքները շոգեկառքի գիծի մը, գերմանական մեծագոյն դրամատան՝  Deutsche Bank-ին ծախսով եւ գերմանական-օսմանական ծրագիրով, սկսելով Գերմանիայէն եւ անցնելով Թուրքիա-Սուրիա-Իրաքէն հասնելու համար մինչեւ Պարսկաստան, ուր Գերմանիան կ’ուզէր նաւահանգիստ ունենալ: Համաշխարհային Ա. Պատերազմը սակայն արգելք եղեր է որ գիծերը ամբողջանան: Ահա՛ թէ ինչու Զէյթուն Խանի դղեակին շինութիւնը,- ներողութիւն՝ կայարանին պիտի ըսէի,- կէս մնացեր է …
Կիսաշէն այդ մեծ կառոյցը երեւակայութիւնս մինչեւ ծայր կը լարէր. ինծի համար  իշխանական դղեակ մըն էր ատիկա իր մեծ դարպասով, որուն վրայ կը կամարուէր գեղեցիկ պատշգամ մը, որ բազրիք չունէր: Կը նախընտրէի երեւակայութեամբ հոն ապրիլ, քան Զէյթուն Խանի պզտիկներուն հետ այդ անբազրիք պատշգամին վրայ խաղալ: Ինչպէ՞ս չեն վախնար, կը զարմանայի ամէն անգամ որ իրենք խումբով հոն կը խաղային:
– Այսօր դպրոց չկայ, թող երթայ մերիններուն հետ խաղայ, ի՞նչ պիտի ընէ հոս մնայ,- Մայրանոցին նըրսերը, որոնք գրեթէ բոլորն ալ Զէյթուն Խան կը բնակէին, կը համոզէին մայրս, որ ի վերջոյ կը համոզուէր ու կը ղրկէր զիս պահակին՝ Պարոն Պետրոսին հետ:
Ա՜խ այդ Պարոն Պետրոսը, որ հոգէառ հրեշտակի կերպարանք առեր էր ինծի համար այն օրէն, երբ «Հինգ վայրկեան ետեւի թաղը երթամ» մտածեր էի եւ իր աչքին տակէն փախած, հասեր էի Մայրանոցին ետեւի անել թաղը, ուրկէ եկող տղոց խաղի աղմուկին չէի դիմացած եւ գացեր էի իրենց խաղին մասնակցելու:
Գացեր էի եւ ինքզինքս մոռցած, մնացեր էի չեմ գիտեր որքան, երբ յանկարծ Պարոն Պետրոսը ցցուեցաւ աչքիս առջեւ եւ առանց բառ մ’իսկ ըսելու, քաշեց ձեռքէս եւ մէկ շունչով հասցուց Մայրանոց, ուր … պատիժը զիս կը սպասէր. ինչպէ՞ս առանց հրամանի դուրս ելեր էի …
Հաւանաբար Պարոն Պետրոսը ինք եւս յանդիմանուեր էր՝ «Աչքդ ո՞ւր էր, չտեսա՞ր դուրս ելլելը …», ըսած ըլլալու էր մայրս:
Մայրանոցին դիմացի նեղ թաղէն կը բարձրանայինք զառիվերը, քրտնելով, պարոն Պետրոսին ձեռքէն բռնած, հազիւ քայլերս յարմարցնելով իր քայլերուն, աւելի՝ վազելով, յոգնելով … յետոյ, մէկ անգամէն կ’երեւէր երկյարկանի մեծ կառոյցը, բլուրի մը վրայ նստած: Անմիջապէս կը մոռնայի յոգնութիւնս եւ հազիւ մտած դարպասէն ներս, կը սկսէր հեքիաթը:
Իրապէս ալ հեքիաթ էր ժամանակը Զէյթուն Խանի մէջ, որովհետեւ հակառակ անոր, որ բոլոր հոն ապրողները հազիւ իրենց օրապահիկը հանող մարդիկ էին, բայց այլ ուրախութիւն մը կար այնտեղ. կարծես մարդիկ ամէն օր կ’արթննային ուրախացած, որ արթնցեր են, փառք կու տային Աստուծոյ, եւ մոռցած ի՛նչ որ տեսեր էին գաղթի ճամբաներուն վրայ, կ’ապրէին իրենց բաշխուած այս երկրորդ կեանքը. անոնցմէ շատ-շատերուն հարազատները ինկեր էին անապատի ճամբաներուն վրայ: Գոնէ անապատը ծաղկէր այդքան թափուած արիւնով … ո՜չ, կը մնար չոր, կը մնար բիրտ եւ աններող:
Բլուրին վրայ կեցած երկյարկանի Զէյթուն Խանին չորս կողմը հող էր, մարախի գոյն հող, որ ձմեռուան անձրեւներուն կը դառնար ցեխ:
Հերթապահ նըրսերը կու գային, Մայրանոցի մեծ դրան առջեւ կը հանէին իրենց ցեխոտ կօշիկները եւ … շիտակ բաղնիք, լուալու եւ ձգելու որ չորնան: Երբ կ’աւարտէր իրենց հերթապահութիւնը, մէկ գանգատ կ’ունենային՝ «Նորէն ցեխերուն մէջ պիտի լողանք» կ’ըսէին:
Իսկ ամառները դղեակին շուրջ միշտ փոշիի ամպ մը կար բարձրացած, կարծես շրջապատի անտառները մշուշի մէջ ըլլային: Ոչ անտառ կար, ոչ մշուշ, մանր տղաքն էին միայն, որ գոռում-գոչումով կը խաղային եւ փոշին երկինք կը բարձրանար:
Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն նորգիւղցիները, ես ալ իրենց հետ, շատ հպարտ էինք մեր Զէյթուն Խանի դղեակով:
Ամառուան զով իրիկուններուն, իւրաքանչիւր կին կ’առնէր իր պզտիկ աթոռը եւ կը նստէր Զէյթուն Խանի պատին տակ. մէկը ձմերուկի կուտերը բոված-բերած կ’ըլլար, ուրիշ մը բովուած սիսեռ,- լէպլէպի,- կը բերէր եւ պատմութիւններն ու սրամտութիւնները կը հոսէին, առուակի պէս զովացնելով մարդոց կիզիչ առօրեան եւ ցօղելով անոնց յոգնութիւնը:
Կեանքը պարզ էր, մարդիկ գոհ էին իրենց օրերէն, իսկ օրերը բարի էին մարդոց հանդէպ: Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչը ինչպէ՞ս փոխուեցաւ …
Տարիներ ետք գրագէտ բարեկամ մը, որ Հալէպ այցելեր էր, ուզեց Զէյթուն Խան երթալ: Յանձն առի զինք հոն ալ տանիլ, Հալէպի այլ տեսարժան վայրերուն շարքին, ներքուստ խորապէս ուրախանալով, որ տարիներ ետք կրկին պիտի տեսնեմ այն կառոյցը, որուն շուրջ այնքա՜ն աղուոր երազներ կը հիւսէի, այնքա՜ն ուրախ պահեր անցուցեր էի եւ այնքան թարմ մնացեր էր միտքիս մէջ, որպէս մէկ կարեւոր մասը մանկութեանս:
Ճիշդ գիտցածիս պէս մտայ Մայրանոցին դիմացի նեղ թաղը. շատ արագ կը քալէի, կ’ուզէի կրկին ապրիլ ուրախութիւնը նեղ թաղէն դուրս բացուող դղեակի տեսքին, որ վեհապանծօրէն կը նստէր փոքրիկ բլուրին վրայ:
Հասայ թաղին ծայրը … բայց ոչ մէկ դղեակ կամ դղեականման կառոյց կ’երեւէր. փոքր, թափթփած խանութներու շարք մըն էր միայն: Յետոյ փոքր անցք մը նշմարեցի. ա՛յդ ըլլալու էր կ’երեւի:
Մտանք հիւրերուն հետ. աչքերով փնտռեցի շքեղ պատշգամը, որ բազրիք չունէր:
Նման բան չկար. իրար կռթնած, իրարու յենած տնակներ էին. ո՛վ ինչ գտեր էր, չորս պատ կազմեր էր ու վրան ալ ծածք մը՝ տախտակներէ, թիթեղէ, թէ …
Յուսախաբութենէս պիտի լայի. ի՞նչ եղեր էր. կառոյցին շուրջի բաց, հողոտ տարածութիւնն իսկ չէր երեւեր …
Այդ օրն էր որ կարծես մանկութիւնս կորսնցուց իր մէկ դրուագը՝ Զէյթուն Խանի իմ դղեակս:
Յետոյ եկաւ պատերազմը, անոր յաջորդեց երկրաշարժը. ի՞նչ եղան արդեօք այդ խարխուլ տուները, ո՞ւր գացին հոն բնակողները, որոնց մէջ ա՛լ հայեր չկային, մեծամասնութիւնը քիւրտեր էին, ինչպէս ըսեր էին ինծի:
Բայց կը մնայ միտքիս մէջ Զէյթուն Խանը իր կիսաշէն գեղեցիկ կառոյցով, մանկութեանս շքեղ դղեակը, ամրօրէն նստած յուշերուս բլուրին վրայ:
Մարուշ Երամեան