(Մահուան 850-Ամեակին Առիթով)

Բանաստեղծ, երաժիշտ, աստուածաբան, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Ներսէս Շնորհալին (Ներսէս Դ. Կլայեցի) միջնադարեան Հայաստանի կիլիկեան հոգևոր-մշակութային դպրոցի ամենափայլուն  ներկայացուցիչներէն է:

Ան տարիներ շարունակ ստեղծագործեց, շրջեցաւ աշխարհէ աշխարհ՝ ըլլալու կուռքը իրմէ վերջ եկող սերունդներուն։

Ազգերը կ՚ապրին նաեւ ոգեղէն, մշակութային արժէքներով։ Առանց այդ արժէքներուն մարդիկ ոչինչ կրնան իրագործել։ Մարդոց մեծութիւնը կը չափուի մտաւոր այդ աղբիւրին բացուելու եւ անկէ կարելի օժանդակութիւնը առնելու համեմատութեամբ։

Շնորհալին ամենամեծ շարականագիրն է: Ան հեղինակած է հարիւրաւոր օրհներգեր, որոնք հարստացուցած են Հայ եկեղեցւոյ պատարագներու եւ ժամերգութիւններու երգասացութիւնները, խորացուցած է հոգեւոր երգերու ազգային բովանդակութիւնն ու հայրենասիրական ոգին, կատարելագործած եղանակները, բարեկարգած եւ ճոխացուցած եկեղեցական երգերը: Շնորհալիի ամենասիրուած ու տարածուած հոգևոր երգերէն է «Առաւօտ լուսոյ»-ն, որուն եռատող տուները կը սկսին հայոց այբուբենի յաջորդական տառերով.

Առաւօ՛տ լուսոյ,                                 Բղխ՜ումն ի հօրէ,

Արեգա՛կն արդար,                          Բղխեա՜ ի հոգւոյս

Առ իս լոյս ծագեա՜:                          Բան քեզ ի հաճոյս…

Այս բոլորը կը գրեմ այն մեծ սիրով, որմով սորված ու երգած, ունկնդրած եմ Ներսէս Շնորհալիի շարականները։

Այս տարի Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենան յատուկ ձեռնարկներ՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակին առիթով։

Կազմակերպիչ յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան եւ Վատիկանի ներկայացուցիչները։

Այստեղ կ՚ուզեմ յիշել որ ճիպինցիներուս համար Ներսէս անունը յատուկ նշանակութիւն ունեցած է։ Բացատրեմ թէ ինչո՛ւ…

Երկրին մէջ՝ այսինքն Ճիպին գիւղին մէջ, գիւղ՝ որ հեռու չէր Հռոմկլայէն, ուր մեծագործած էր Ներսէս Շնորհալին, ու այդ իսկ պատճառաւ Ճիպինի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ ընտանիք՝ անպայման Ներսէս անունով մանչ մը կ՚ունենար, որ մեծնալով շնորհալի դառնար։

Սրտի մեծ գոհունակութեամբ պէտք է արձանագրեմ, որ մեր մեծ ընտանիքին (գերդաստանին) մէջ  ողորմած հայրս, անդրանիկ զաւակս եւ երկու եղբօրորդիներս, այսինքն՝ 4 անդամներ, կը կրեն Ներսէս անունը։

Ներսէս անունը մեզի համար սիրելի անուն մըն է իր օգտագործման բոլոր ձեւերով՝ Ներսէս, Ներսօ, Նենօ, Նենես եւ այլն, որոնք հպարտանքով կը գործածենք։

Ճիպինցիները (հռոմկլացիները) եղած են եկեղեցասէր քրիստոնեաներ եւ աչքի ընկած են եկեղեցւոյ ծառայելու իրենց ձգտումով, որպէս դպիր թէ քահանայ։

Անոնք միշտ սորված եւ տաղանդով երգած են Ներսէս Շնորհալիի շարանականները, աղօթքներն ու տաղերը։

Ես ալ, իմ կարգին, Ներսէս Շնորհալիի տաղանդին ու շնորհքներուն մեծ համարում ունենալով մտայղացած  էի հիմնել իր անունով մրցանակ մը ու զայն կոչել Ներսէս Շնորհալի ուսանողական մրցանակ։ Նիւթական այս մրցանակը կը շնորհուի Քուէյթի եւ Հալէպի պետական պաքալորիայի քննութիւններուն բարձրագոյն նիշեր ապահովող շնորհալի աշակերտներուն։

Նպատակը անոնց մէջ մրցակցութեան ոգին բարձր պահելն է։ Այս մրցանակը աշակերտներուն մղիչ ազդակ հանդիսացաւ եւ իրապէս ալ անոնց տարեվերջի քննութիւններուն արդիւնքը զգալիօրէն բարձրացաւ։ Երեւոյթ մը, որ կը քաջալերէ ուսանողներու մրցանակցութեան ոգին, իսկ նուիրատուին համար հոգեկան բերկրանք մը կը հանդիսանայ։

Սոյն մրցանակին բաշխումը դարձած է Հալէպի եւ Քուէյթի հայ համայնքի  տարեվերջի  մնայուն արարողութիւններէն մէկը։

Կը մաղթենք, որ ան յարատեւէ երկար տարիներ՝ հայ ուսեալ տարրը առաջ մղելու՝ յանուն ազգին ու եկեղեցւոյ։

Համեստաբար, սակայն հպարտութեամբ կը յիշեմ նաեւ պարգեւատրումս Ս. Ներսէս Շնորհալիի պատուոյ շքանշանով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի ձեռամբ, 2009-ին։

Եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին երկիւղածութեամբ կ՚ունկնդրեմ Ներսէս Շնորհալիի «Քրիստոս Ի Մէջ Մեր Յայտնեցաւ» պատարագային երգասացութիւնը, որ կը հնչէ հաւատացելոց պատարագի ընթացքին, ուղեկցելով խաղաղութեան ողջոյնի ծիսական պահուն։ Իսկ Կոմիտասի մշակումով Ներսէս Շնորհալիի «Տէր Ողորմեա» աղօթքը գլուխ գործոց մըն է, որ դարեր շարունակ հնչած է ու կը հնչէ պատարագի արարողութեան կարեւորագոյն պահուն, հաղորդութենէն առաջ, երբ խորանի վարագոյրները կը փակուին։  Կոմիտասի մշակած տարբերակի բնօրինակին բանաստեղծական բառերուն հեղինակը Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսն է, իսկ մեղեդին առնուած է հանճարեղ երաժիշտ Ներսէս Շնորհալիի «Որ Զխորհուրդ Քո Գալստեան» շարականէն։

Շնորհալիի մեղեդիները այնքան ազդեցիկ են ու տպաւորիչ, որ խոր ազդեցութիւն կը թողուն նոյնիսկ ոչ հայ ունկնդրին վրայ ու կ՚անջատեն զինք նիւթական աշխարհէն՝ ազնուացնելով անոր հոգին։

Ներսէս Շնորհալիի   «Առաւօտ Լուսոյ»-ն եւ «Նորահրաշ Պսակաւոր»-ը նուիրուած Աւարայրի հերոսներուն, մեզի ընկերակցած են մեր մանկութեան օրերէն ու հայկականութեամբ դրոշմած են մեր հոգիները։ Անոնք իրենց խորհրդաւորութեամբ նոյնքան կ՚ազդեն օտար ունկնդիրին վրայ։

Ունկնդրեցէք Յովհաննէս Թումանեանի «Անոյշ» օփերայի «Ամպի Տակից Ջուր Է Գալիս» երգը, ապա Շնորհալիի «Առաւօտ Լուսոյ» հոգեւոր երգը ու պիտի տեսնէք թէ որքան նմանութիւն կայ անոնց մեր վրայ ձգած ազդեցութեան մէջ, որովհետեւ երկուքն ալ կը բխին մեր ազգային ակունքներէն ու կը յղկեն մեր հոգին, զանազանուելով հանդերձ իրենց բնոյթին մէջ։

Կիրակոս Գույումճեան (Ճիպինցի)

Քուէյթ