ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի մրցումներու շրջագիծէն ներս, ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը 66 – 63 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Դամասկոսէն ժամանած Ճէյշը:
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց Բ. դասակարգի  ախոյեանութեան աւարտին, Դամասկոսի ալ Սաուրա խումբը բարձրացաւ Ա. դասակարգ՝ աւարտական հանդիպումին 73 -57 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ՀԵԸ-ը:
-Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն Հալէպի ալ Ահլին ձախողեցաւ յաղթական աւարտել Ճապլէյի հետ մրցումը, որ աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ. Ճապլէն իր կոլը նշանակեց մրցումի 93-րդ վայրկեանին: Շաբթուան անակնկալ արդիւնքներէն մէկը եղաւ նաեւ Ուասպէյի ձախողութիւնը, որ 2 – 0 արդիւնքով զիջեցաւ աղիւսակին վերջին դիրքը գրաւող Մաճըտին: Հոմսի Քարամէն 2 – 1 արդիւնքով յաղթեց Ճէյշին, ինչպէս նաեւ նոյն արդիւնքով Ֆըթուէն յաղթեց Ուահտէյին:
-Դամասկոսի Ճէյշ խումբի մարզիչ Այման ալ-Հաքիմ վերջին մրցումին պարտութեան մատնուելէ ետք ներկայացուց իր հրաժարականը: Հաքիմը փոխարինեց Անաս Մախլուֆը:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ԿԸ ԲԱՆԱԿՑԻ ԶԷՅՏԱՆԻ ՀԵՏ
Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտի վարչակազմը սկսած է բանակցութիւններ վարել կազմի նախկին խաղացող եւ մարզիչ Զէնատտին Զէյտանի հետ՝ անոր վստահելու կազմի մարզիչութեան պաշտօնը: Այս մասին յայտարարութիւններ կատարեցին ֆրանսական լրատուամիջոցները:  Ըստ տուեալներուն, Ռէալի ներկայ իտալացի մարզիչ Գարլօ Անշէլոթի շրջանի աւարտին պիտի մարզէ Պրազիլի հաւաքականը:  Յիշենք, որ Զէյտան արքայական ակումբը մարզած է 2016-2018 եւ 2019 – 2021 թուականներուն եւ անոր հետ արժանացած է բազմաթիւ տիտղոսներու:
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐԵՑ ԱՆԳԼԻՈՅ ԱՂԻՒՍԱԿԸ
Անգլիոյ ախոյեանութեան 34-րդ փուլի աւարտին, Մանչեսթըր Սիթին դժուար յաղթանակ մը արձանագրելով 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վոլհամը եւ յաջողեցաւ ձեռք ձգել աղիւսակին առաջնութիւնը: Հանդիպումի կոլերը նշանակեցին Իրլինկ Հալանտն ու Ճուլեան Ալվարէզը, իսկ Վոլհամի միակ կոլի հեղինակը դարձաւ պրազիլցի Վինիսիոսը: Աւելցնենք, որ Հալանտ նոր մրցանիշ մը արձանագրելով իր կոլերուն թիւը բարձրացուց 34-ի:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան