ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներու աւարտին, ՀՄԸՄ-ի պասքեթի աղջկանց խումբը կրկին վերադարձաւ Ա. դասակարգ, Մահարտէի մէջ պարտութեան մատնելով հիւրընկալ կազմը՝ 61 – 55 արդիւնքով: Մրցումին, աղջիկներու մօտեցումը եղաւ միայն մէկ ուղղութեամբ, որն էր յաղթական աւարտել խաղը, ապահովելու համար Ա. դասակարգի մէջ իրենց տեղը։ Անոնք լրջօրէն հետեւեցան կազմի գլխաւոր մարզիչ Մանօ Մարգարեանի բծախնդիր աշխատանքին: ՀՄԸՄ-ին Ա. Դասակարգ պիտի ընկերակցի Լաթաքիոյ Հըթթինը:
– Սուրիոյ պասքեթի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներու քառորդ աւարտական առաջին խմբակէն հասան Ուահտէն, Պարատան, Սաուրան եւ Սահէլը, իսկ երկրորդ խմբակէն՝ Հալէպի Ահլին, Ճալաաը եւ Լաթաքիոյ Թըշրինը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՍՊԱՆԻՈՅ ԲԱԺԱԿԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ
Ինը տարի ընդմիջումէ ետք, Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը յաջողեցաւ կրկին ձեռք ձգել, 20-րդ անգամ ըլլալով նուաճել, Սպանիոյ գաւաթը։ Սեւիլիոյ մէջ  տեղի ունեցած եզրափակիչ հանդիպումին,  իտալացի Գարլօ Անչելոթիի գլխաւորած կազմին  մրցակիցը դարձաւ  Օսասունան եւ կրցաւ խաղը յաղթական աւարտել 2 – 1 արդիւնքով: Արդէն երկրորդ վայրկեանին խաղի հաշիւը բացաւ Ռէալի պրազիլցի յարձակող Ռոտրիկօն, որուն կոլային փոխանցում կատարեց պրազիլցի մարզիկ Վինիսիուս Ժունիըրը: 58-րդ վայրկեանին Օսասունան վերականգնելով իր ուժը կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը՝ կիսապաշտպան Լուքաս Տոռոյի միջոցաւ: Ռէալի յաղթական կոլը 70 վայրկեանին դարձեալ նշանակեց Ռոտրիկօն:
ՊԵՆԶԵՄԱՆ ՌԷԱԼԻՆ ՀԵՏ 25-ՐԴ ՏԻՏՂՈՍԸ ՆՈՒԱՃԵՑ
Ֆրանսացի յարձակող Քարիմ Պենզեման 25-րդ տիտղոսը նուաճեց Ռէալ Մատրիտի Սպանիոյ գաւաթի խաղարկութեան եզրափակիչին Օսասունայի  նկատմամբ յաղթանակին շնորհիւ։ 2011 թուականէն արքայական ակումբին հետ  հանդէս եկող Պենզեման  դարձաւ Սպանիոյ քառակի ախոյեան, կրկնակի գաւաթակիր, հնգակի բացառիկ գաւաթակիր, Չեմպիընզ լիկի հնգակի գաւաթակիր, Եւրոպայի հնգակի բացառիկ գաւաթակիր, աշխարհի ակումբային առաջնութեան քառակի ախոյեան: Պենզեմա Ռէալի տիտղոսներու քանակով հաւասարեցաւ խումբի նախկին խաղացող, պրազիլցի պաշտպան Մարսելոյին, որ Ռէալի հետ  հանդէս եկած է  2007-2022 թուականներուն:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան