Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մուհամմէտ պըն Զայէտ ալ-Նահեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ խորհրդակցեցաւ արաբական աշխարհէն ներս արձանագրուած վերջին զարգացումներուն շուրջ։
Իր կարգին նախագահ Ասատ Սուրիոյ երախտագիտութիւնը յայտնեց արաբական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնը բարելաւելու եւ արաբական միացեալ գործակցութիւնը ամրապնդելու նկատմամբ Իմարաթի ունեցած դերակատարութեան։
Նախագահները խորհրդակցեցան նաեւ Սուրիոյ եւ Իմիրութիւններու միջեւ տարբեր ոլորտներու առնչուող գործակցութեան շուրջ։