Սուրիական քաղաքային թռիչքներու հաստատութիւնը յայտարարեց, որ Չորեքշաբթի, 10 Մայիս 2023-էն սկսեալ Հալէպի Միջազգային Օդակայանէն ներս թռիչքները բանիլ պիտի սկսին: Երկուշաբթի, 1 Մայիսին Իսրայէլի կողմէ օդակայանի հրթիռակոծման հետեւանքով վնասուած կարգ մը բաժիններուն նորոգութեան աշխատանքները ամբողջացած են։