Թէեւ դասընկերս չէր, բայց Յարութը ծանօթ էր ամբողջ Ճեմարանին մէջ իր քանդակագործի հռչակով եւ լռակեացութեամբ: Եթէ նայէիր դէմքին, կը զգայիր որ իր աշխարհին մէջ է, բայց երբե՛ք չէիր կրնար գիտնալ, թէ ի՛նչ կը մտածէ, ի՛նչ ծրագիրներ կ’որոճայ: Յետոյ, եթէ հետեւէիր իր աշխատանքներուն, տեղ մը, ձեւով մը պիտի տեսնէիր իր յաջորդ գործը:
Արուեստագէտներու ընտանիքի մը առաջին զաւակը, մեծցած է արուեստով եւ կենցաղավարութեամբ յագեցած մթնոլորտի մը մէջ: Այս երկրորդը մանաւանդ այնքան հազուագիւտ բան էր մեզի համար, որ անմիջապէս աչքի կը զարնէր իր ծայրայեղօրէն քաղաքավար խառնուածքը:
Իր եղբօր Տիգրանին պէս, ինք եւս ներկայ էր «Ծիլեր»-ուն իւրաքանչիւր թիւին մէջ կա՛մ երգիծանկարներով, կա՛մ իր նոր քանդակին լուսանկարով: Կը նկարազարդէր մեր գրութիւնները նաեւ: Կը յիշեմ, որ «Նամակ Միրէյ Մաթյէօին» խորագրով պատմուածք մը գրեր էի եւ Յարութը այդ ֆրանսացի երգչուհիին,- որ այն օրերուն շատ հռչակաւոր էր եւ մեր շատ սիրելի երգչուհին,- դիմանկարը գծեր էր խորագրին կողքին:
Քանի մը դասարան մեծ էր ինձմէ: Երբ աւարտեց Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանը, մեր սիրելի Ճեմարանը, ա՛լ չիմացայ իր մասին: Գիտէի որ աւանդապահ ընտանիքէ մը կու գար եւ կը մտածէի թէ ինչպէ՛ս պիտի շարունակէ քանդակագործութիւնը այսքան նորօրեայ գործիքներու մէջ…
Յետոյ տեսայ իր LinkedIn-ի էջը, ուր յստակօրէն Յարութ գրեր է թէ ի՛նչ կ’ընէ այսօր իր արուեստով.
«Ծաղրանկարը ինծի համար արուեստի աշխարհ մտնելու սեմն էր։ Քանի որ ես արդէն ունէի ծաղրանկարչութեան հակում եւ կիրք, սկսայ փնտռել ուղիներ, որոնց միջոցով երգիծանքը կարելի ըլլար կիրարկել նկարչութեան եւ քանդակագործութեան մէջ: Միջոցներ կը փնտռէի արուեստի յաճախ առանձին ներկայացուող երեսակները միաձուլելու համար:
Դասական ճանապարհներէ գալով, կարելի է ըսել, որ իմ արուեստը  կը կատարելագործէ ժամանակակից արուեստի եւ երգիծանկարչութեան միախառնումը, փորձ մըն է նոր բառապաշար ստեղծելու եւ նոր տարածք նուաճելու, հարուստ աւանդութիւններու եւ նորարարական արուեստի կիրարկումին մէջ:
Օգտագործելով քանդակային հեռանկարը եւ ձեւի խեղաթիւրումով յատկանշուած երգիծանկարչութիւնը, կը փորձեմ ակնդիրը հեռացնել կեանքի գրգռիչ երեւոյթներէն եւ հիասթափութիւններէն, եւ դրական հանդիպումներու պատուհաններ բանալ:
Ես գոյները կ’օգտագործեմ ստեղծելու համար որոշ ապրումներ եւ տրամադրութիւններ, որոնք կը վերաբերին գործերուս մէջ գտնուող բնորդներուն կամ վիճակներուն: Օրինակ՝ վարդագոյնը տագնապի համար, կանաչը՝ հանգստութեան համար եւ այլն: Վրձնահարուածներս կ’օգտագործեն խաչաձեւ թեքնիք, եռատարածք (3D) խորութիւն հաղորդելու նկարներուս, ինչպէս նաեւ յղում տալու Վան Կոկին»:
Երբ տեսայ իր վերջին շրջանի քանդակները, անկեղծօրէն հիացած էի ոչ միայն իր ստեղծագործ ոգիով, այլ նաեւ ժամանակին հետ քայլ պահելու իր կարողութեամբ. իր նոր քանդակները, նախ փոքր չափի, Յարութը կ’իրագործէ 3D printer-ով, ապա, ըստ չափի եւ ըստ պահանջի, կ’իրագործէ իսկական չափով քանդակներ: Եւ ոչ միայն:
Իր նոր շրջանի շարքը շատ հետաքրքրական մտայղացումներ ունի, որոնց թեման եթէ արդիական է, բայց անոնց միջոցը ներշնչուած է … մեր խաչքարերու նախշերէն: Ասոր վառ օրինակն է «Գովաբանութիւն Խաչքարի» (Tribute to Khachkar) աշխատանքը:
Արուեստի մասին երբ կը խօսինք, յաճախ կը զգանք թէ բառերը բաւարար չեն նկարագրելու համար ոչ թէ արուեստի գործը ինք, այլ անոր մեր վրայ ձգած ազդեցութիւնը, որ թէեւ շատ ենթակայական է՝ իւրաքանչիւրը ըստ իր էութեան,-  էութիւն բառը այստեղ ամբողջ բարդ համակարգ մըն է հոգեբանութեան, խառնուածքի, զարգացումի եւ այլն,- սակայն կը մնան կարգ մը ընդհանրութիւններ, որոնք կը կապեն ակնդիրները եւ կը նկարագրեն արուեստը:
Այստեղ կրնամ ձեզի նկարագրել Յարութին գործերը, որոնք իրապէ՛ս արդիական են, ճի՛շդ իր ըսած ձեւով՝ միջոցներու միաձուլումով: Առնենք օրինակ իր «Քոչարի»-ն.
Պղնձաձոյլ իրար ագուցուած խաչերու ամբողջութիւն մը, որ իր մէջ կը կրէ հայկական նախշերու քնքշութիւնը, միաժամանակ հսկայ ոյժ մը պարփակելով՝ հաւաքականութեան ոյժը:
Կամ առնենք «Կռունկ»-ը, որ պատկերներու յաջորդականութիւն մըն է, Կոմիտասեան Կռունկին հնչիւններով. տեսերիզ մը, որուն սկիզբի գրութեան մէջ Յարութ կ’ըսէ.
«Նաւասարդը հայերուն ամէնէն սիրելի տօնն էր, հին ժամանակներէն տօնուած, որուն ընթացքին պարեր, երգեր, մրցումներ տեղի կ’ունենային՝ ձիարշաւ, ըմբշամարտ, նշանառութիւն, ջուրի խաղեր, բախտագուշակութիւն, կենդանիներ կը զենէին եւ այլն. ուտելիքն ալ մեծ տեղ կը գրաւէր այդ տօնին ընթացքին»:
«Հայեր, որոնք հեռու եղած են հայրենիքէն, մանաւանդ Նոր Տարուան առիթով անպայման կ’ուզէին իմանալ իրենց սիրելիներուն մասին. իսկ Կռունկը, որ գաղթող թըռչուն մըն է, դարձեր էր աւետաբերը պանդուխտներուն. ամէն անգամ որ կռունկ մը տեսնէին երկնքին վրայ, իրենց կը թուէր թէ անպայման լուրեր բերած էր իրենց սիրելիներէն»:
«Հայերը կռունկին շատ երգեր, տաղեր եւ բանաստեղծութիւններ նուիրած են, իսկ նկարներու այս շարքը իմ հայեցողութեամբ կռունկին պատասխանն է իրեն տրուած հարցերուն», կ’ըսէ արուեստագէտը:
Պատկերացուցէ՛ք թէ քանի քանիներ կ’այցելեն Յարութ Թնկըրեանի կայքէջը. այդ այցելուներուն մեծամասնութիւնը հայ չէ, բայց անոնք հմայուած արուեստի գործերով, կը կարդան ներկայացուածը եւ անուղղակի կերպով այնքան բան կ’իմանան մեր մասին: Արուեստի զօրութիւններէն մէկն ալ այս է՝ ըսել ու պատմել առանց բառի, համոզել առանց վիճելու, երբեմն նոյնիսկ ընկալողին առանց գիտակցութեան:
«Կռունկ»-ը 1,42 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզ մըն է, շարք մը իրար յաջորդող16 նկարներու, որոնց խորագիրները արդէն երբ քով-քովի դրուին, մեր՝ սփիւռքահայու այսօրուան կեանքին մասին կարճ պատմուածքի մը երեւոյթը կը ստանան, այսպէս.
Տունէն լուր կա՞յ, կռունկ, խորոված, կրակէն աւելի տաք, կարդացուելու սպասող գաւաթներ, ոչխարը կ’որոշէ խորովածին տեսակը, մրցումէն առաջ կառանել (parking),  թոշակառուն, ի՞մ ուղիս թէ մայրուղին, երիտասարդ աղջիկներ, միասնութիւն բազմազանութեան մէջ, խաղին յաղթել (ճատրակ) բայց պատերազմը կորսնցնել,  կը մրցի՞ն թէ կը կռուին, ո՞ւր է հաւատքը, պար, Վարդավառ, երազել …
Այլ գեղեցիկ գործ մըն է «սաղմոս 23» գեղանկարը:
Իր բոլոր նկարներուն մէջ կը զգացուի թաքուն երգիծանք մը, որ վառ գոյներուն միացած պայծառութիւն կու տայ, թէեւ ներկայացուածը երբեմն որպէս նիւթ այնքան ալ պայծառ չըլլայ, ինչպէս է պարագան «Կռունկ» պատկերաշարին:
Նկարներէն անկախ վերջերս Յարութ իր քանդակները կ’իրագործէ թուայնացումի միջոցով, եւ կը ցուցադրէ զանոնք պաստառին վրայ, քանդակին չորս կողմը պտըտելով այնպէս, որ ակնդիրը կ’ունենայ տպաւորութիւնը ինք քանդակին շուրջ դառնալուն:
Այլ հետաքրքրական գործ մըն է «Պատմական Հայր» թուայնացուած քանդակը՝ կարշմբուռն կերպար մը, որ ձեռքին ունի մեր յաւերժութեան նշանը:
Յարութ Թնկըրեան Հալէպի համալսարանին երկրաչափական կաճառը (Civil Engineering) աւարտելէ ետք, գերազանց գնահատանքով աւարտեր է նաեւ Նիւ Եորքի նշանաւոր New York Academy of Art-ը, քանդակագործութեան մագիստրոսական աստիճան ստանալով, 2000 թուականին:
Կ’արժէ այցելել Յարութ Թնկըրեանի գործերը Linked In-ի մէջ (Harout Tenguerian) եւ ծանօթանալ այս անունին, որ իրապէ՛ս Ժամանակին հետ քայլ պահող արուեստագէտ մըն է, արժանի աւելի լայն ճանաչումի:
Մարուշ Երամեան