Ժամանակը նպատակ իրագործելու դրամագլուխ է եւ կեանքը արժեւորելու ոսկի առիթն է։
Ապրողներս Ժամանակը օգտագործելու կարելիութիւն ունինք։ Շատեր կ’ապրին, սակայն Ժամանակը կը «սպանեն», այսինքն կը վատնեն։
Հիւանդանոց այցի գալով առողջութեան արժէքը կը գիտնանք։ Բանտ այցելելով ազատութեան արժէքը կը գիտնանք։ Գերեզման երթալով հարկ է ԿԵԱՆՔին արժէքը գիտնալ։
Մարդիկ ինչ-ինչ պատճառներով քեզի ականջ տալու տրամադրութիւն չեն ունենար։ Մի՛ այպաներ, եթէ խօսիս հաւանաբար սխալ հասկնան կամ նոյնիսկ ծիծաղին։ Ուրեմն երբեմն լուռ մնալը իմաստութիւն է։
Շատերու համար դրամասիրութիւնը եղած է կուռք, պաշտամունքի առարկայ, անբուժելի մոլութիւն, շահ փնտռելու անյագ ցանկութիւն եւ երկինքը մոռնալու  դրդապատճառ։
Կարդալու փափաք ունեցողը հայապահպանման կամաւոր զինուոր է։
Կարդալով կը սորվինք, սորվելով գիտելիք կ’ամբարենք, որպէսզի շահեկան գաղափարներ բաժնեկցինք։
Աղօթքը մեր տկարութիւնը խոստովանելու եւ Տիրոջ զօրութեամբ վերնորոգուելու ազդու միջոց է։
Խօսքի սահմանին մէջ եթէ մնանք՝ մեր խօսքին եւ գործին միջոցը աւելի հեռացուցած կ’ըլլանք։
Երազանքը փափաք է, ցանկութիւնը՝ կամեցողութիւն, ձգտումը՝ պայքար։
Նպատակը ուղի է, իսկ տեսիլքը՝ առաքելութիւն ։
Կեանքի գեղեցկութիւնը սէրն է, իսկ կեանքի վայելչութիւնը՝ սիրելը։
«Ես»-ին ստրուկը «մենք»-ին թշնամին է։ Աթոռին ծառան «մենք»-ին հակառակորդն է։
Կիրքերու ենթակայ եղողը ազատութիւնը սանձարձակութեան կը վերածէ։
Յուսահատիլը ձեւով մը անձնասպանութիւն է։
Յոյսը ետ կանգնելու կը հրաւիրէ եւ տոկուն կամքով հաւատքի բարի պատերազմը մղելու կ’առաջնորդէ։
Յոյսը եթէ գոյութիւն չունենայ՝ գոյատեւելու մեր ուժը կը սպառի։
Յոյսով ապրողը խաչին ընդմէջէն կը տեսնէ Յարութեան յաղթաբեր Կիրակին։
Կուտակուած մեղքերը ազատութիւնը  կը կաշկանդեն։ Սխալ ընթացք մը եթէ շարունակուի՝ մարդուն սիրտը մեղքի գործարանի կը վերածուի:
Աստուածաշունչին կանչը սրինգ է հովուական, պատգամ է Տէրունական եւ ձայնն է ճշմարտութեան։
Անկուշտ աչքով ապրողը նախքան սեղանէն ուտելը՝ հացի փշրանք եւ նախքան աղբիւրէն խմելը ջուրի կաթիլ կը փնտռէ։
Միտքը ծննդավայրն է լուսեղէն գաղափարներուն։ Շահեկան գործին հիմքը առողջ եւ պայծառ միտքն է։
Միտքը կայծ է, կամքը՝ կրակ, գործը՝ հրդեհ։
Ողջմիտ հաւատք ունեցողը ճշմարիտը կեղծէն կրնայ զանազանել եւ չարին խաբեբայ հնարքները խստիւ մերժել։
Միտքը խոհանոց է, գաղափարները՝ ճաշասեղան, ծրագիրները՝ ճաշատեսակ, գործի լծուիլը՝ ախորժակ եւ ձիրքերը՝ համեմունք։
Սկզբունքներ կան, որոնք որբ մնացած են, ոչ ոք որդեգրած է զանոնք։
Դրական մտայղացումներ կան, որոնք «վիժում»-ի ենթակայ եղած են ժխտական մարդոց կողմէ։ Այս ալ բարոյական ոճիր է։
Ինքնահաւանը կը կարծէ թէ իր ներկայ գտնուած տեղը  բեմ է, իսկ շուրջինները՝ հանդիսատես։
Մեծամիտը կը ցանկայ որ ամէն օր մարդիկ իրեն համար մեծարանքի երեկոյ կազմակերպեն։
Երիտասարդութեան օրերդ եթէ ըլլան պտղաբեր աշխատանքի շրջան, ծերութեան ժամանակ գոհունակութիւն պիտի զգաս։
Յաճախ շատ կը սխալինք, բայց քիչ կը զղջանք։ Երբեմն քիչ կը սխալինք եւ շատ կը զղջանք։ Ուրեմն խիղճը կարիքը ունի դաստիարակութեան, որպէսզի ճիշդ դատէ, առողջ քննադատէ եւ զգուշանայ չափազանցութենէ։
Ուղիղ դատողութիւն եթէ չկայ՝ կեղծաւորին կ’ըսենք ճկուն է,  անամօթին՝ համարձակ, չափ ու կշիռք չունեցողին՝ ազատ արտայայտուող։
Նեղութիւնները կը յուշեն, թէ աշխարհի մէջ կատարեալ հանգստութիւն չկայ։ Միայն յաւիտենական կեանքին արժանի եղողը պիտի վայելէ  մնայուն հանգստութիւն եւ անանցանելի երանութիւն։
Խիղճ-սէր= անօրէնութիւն (Տես Ա.Տմ 1.5)
Ազատութիւն-սէր=սանձարձակութիւն (Տես Գղ 5.13)
Գիտութիւն-սէր=հպարտութիւն եւ ոչնչութիւն (Տես Ա.Կր 8.1 եւ Ա.Կր 13)։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան