ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ՄԵՐ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

Համացանցը, իր բոլոր առաւելութիւններով մէկտեղ, երբեմն կը յառաջացնէ կախեալ ըլլալու բացասական ընթացք մը, որ հետեւողին անհատական զարգացման նպաստելու փոխարէն կը ցրուէ իր հետաքրքրութիւնները անկարեւոր նիւթերով կամ պարզապէս ծանուցումներու տարափով:
Երբեմն ընկերովի կը խօսինք ինքնազարգացման մտային եւ մշակութային հարստացման մասին ու կ’եզրակացնենք, որ գիրք ընթերցելու, լաւ երաժշտութիւն ունկնդրելու, թանգարան կամ այլ արուեստի կեդրոններ այցելելու մարդոց հետաքրքրութիւնները այնքան նուազած են, որ անոնք ամբողջովին կլանուած են համացանցով: Աւելին. համացանցի մէջ կը փորձեն գտնել իրենց բոլոր հետաքրքրութիւնները, երբեմն ալ իրենց հետաքրքրութիւններուն որակը նուազեցնելով ու անորակ, օգուտ չբերող տեղեկութիւններու ճահիճին մէջ յայտնուելով:
Ուստի համացանցի հետեւիլը մոլութեան չվերածելու ու մեր ինքնազարգացման ալ ժամանակ տրամադրելու համար կ’առաջարկենք.
1- Բջիջային հեռաձայնէն ջնջեցէ՛ք Twitter եւ Facebook յաւելուածները եւ զանոնք օգտագործեցէ՛ք միայն համակարգչային տարբերակով:
2- Ժամը գիշերուան 22:00-ին անջատեցէ՛ք բջիջային հեռաձայնները, համակարգիչները եւ բոլոր ելեկտրոնային սարքերը: Ասիկա շատ կարեւոր է, քանի որ մեր արժէքաւոր ժամանակը կը խնայէ քնանալէ առաջ եւ կը մղէ գիրք կարդալու, լաւ երաժշտութիւն մը ունկնդրելու, հաճելի զրոյց մը ընելու տնեցիներուն հետ եւ այլն:
3-Կ’առաջարկենք սահմանել օր մը, երբ բջիջային հեռաձայնով ընդհանրապէս համացանցէն չօգտուիք, այլ բաւարա- րուիք համակարգիչով՝ կարեւոր գործերու համար միայն:
Երբ կիրառէք նախորդ կէտերուն մեծ մասը կը նկատէք, որ ունիք աւելորդ ժամեր, զորս նախապէս չէիք ունենար: Ուրեմն օգտագործեցէք այս ժամերը ձեր մտային եւ հոգեւոր զարգացման համար:
Այս առումով կ’առաջարկենք երկու բան.
Առաջին՝ եթէ օրական ընթերցէք ընդամէնը քառորդ ժամ (ինչ որ համարժէք է 10 էջի), ամենայն հաւանականութեամբ մէկ ամսուան ընթացքին կը կարդաք մէկ գիրք: Եթէ կրցաք կէս ժամ տրամադրել ընթերցումի՝ ամիսը երկու գիրք կը կարդաք: Աստիճանաբար պիտի նկատէք, որ ընթերցումը դարձաւ սովորութիւն:
Երկրորդ՝ զարգացնող տեսանիւթեր դիտել: Եթէ անպայման համացանցէն պիտի օգտուիք, օգտուեցէ՛ք գիտելիքներով հարուստ կայքերէ, ձեր նախասիրած նիւթերուն առնչուող YouTube-ի զրոյցներէ, դասախօսութիւններէ, համերգներէ եւ այլն:
Եթէ մէկ ամիս կատարէք այս յօդուածով առաջարկուած խորհուրդները, պիտի նկատէք անոնց օգտակարութիւնը եւ անդրադառնաք, թէ որքան անտեսած էիք ձեր ինքնազարգացման նպաստող զբաղումները:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան