ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹՆԵՐ

Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը ոչ միայն կրօնական բնոյթ ունի, այլեւ ժողովրդական աւանդութիւններով հարուստ է։ Տօնին ընդհանրացած սովորութիւններէն են ծաղկահաւաքը, վիճակաձգումը, ուխտագնացութիւնը եւ կաթնապուրի պատրաստութիւնը։
«Համբարձում»-էն զատ տօնը ունի նաեւ այլ անուանումներ, ինչպէս՝ Ծաղկաքաղի օր, Ծաղիկ գովել, Վիճակի օր, Ջան Կիւլիւմի օր, Ճակատագրի տօն, Ծաղկամօր տօն, Կաթնապուրի տօն …։
Աւանդութեան համաձայն, Համբարձման նախորդ օրը աղջիկները եօթ ծաղիկէ փերթեր կը հաւաքէին ու կը լեցնէին եօթ աղբիւրէ լեցուած ջուրի կուժին մէջ։ Անոնց կ’աւելցնէին իւրաքանչիւր անձի յատուկ իր մը։ Յաջորդ օր իրերը կուժէն դուրս բերելու գործողութիւնը կը վիճակուէր կրտսեր աղջկայ մը՝ տաղերու երգեցողութեամբ։ Կարգ մը վայրերու մէջ ուխտաւորներ Ս. Պատարագէն ետք կաթնապուր կը ճաշակէին։ Քանի մը շերեփ ալ կաթնապուրէն արտերուն մէջ կը թափէին, որպէսզի առատ բերք ունենային։

ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ՏԱՆՏԻԿՆՈՋ

– Եթէ տապկոցի ձէթին մէկ ապուրի դգալ քացախ աւելցնենք՝ բանջարեղէններուն ձիթաիւղի ներծծումը կը նուազի։
– Եթէ պանիրի պատրաստման ատեն 2 դգալ շաքար աւելցնենք անոր վրայ, դիւրին-դիւրին չի մգլոտիր եւ երկար ժամանակ կը դիմանայ։
– Եթէ ձիւնասպիտակ բրինձ պատրաստել ուզենք՝ ջուրը եռալէն ետք անոր մէջ քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ պէտք է աւելցնենք։
– Եթէ հում միսը դիւրութեամբ կտրտել ուզենք՝ 10 վայրկեան զայն սառնարանը պէտք է պահենք։
– Սմբուկին լեղի համէն ձերբազատելու համար՝ աղ-ջուրի մէջ պէտք է պահենք զայն, մօտաւորապէս կէս ժամ։ Իսկ տապկելէ առաջ ալ պտղունց մը ալիւր եթէ ցանենք՝ քիչ ձէթ կը սպառենք։
– Եթէ կարկանդակին մակերեսը սեւնայ եւ այրի, կարելի է սեւցած մասը քերթել, վրան փոշի շաքար ցանել ու կրկին փուռը դնել, մօտաւորապէս 10 վայրկեան։
– Կիտրոնէն առատ հիւթ ստանալու համար, քամելէ առաջ պէտք է կէս ժամ զայն պահել տաք ջուրին մէջ։
– Մրջիւնները շաքարամանէն հեռացնելու համար քանի մը հատ մեխակ զետեղել շաքարին մէջ։
– Հաւկիթը խաշած ատեն մէկ ապուրի դգալ քացախ աւելցնել ջուրին մէջ, որպէսզի միջուկը դուրս չելլէ։
– Աղցանին աղը աւելցնել նախքան սպասարկելը, որպէսզի բանջարեղէնները չթոռմին։
Նուշիկ Սողոյեան-Առաքելեան