Շաբաթ, 13 Մայիսին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան հովուական այցելութեամբ Լաթաքիա գտնուած շրջանին պատուիրակութեամբ այցելեց Լաթաքիոյ Նահանգապետ Ամէր Իսմայիլ Հիլալին:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լաթաքիոյ Պատկան Մարմինի անդամ Յարութ Գաբրիէլեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչ Աւօ Կարպուշեան, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Արմէն Գասպարեան, Կրօնական Ժողովի անդամ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Լաթաքիոյ եւ Ծովեզերեայ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեան եւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վիգէն Լնդեան։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ հովուական այցելութեան, դիտել տալով որ առաջին այցելութիւնն է Լաթաքիա, ապա յայտնեց այցելութեան շարժառիթը, յիշելով որ բացոպմը կատարեց Սուրիոյ հանգուցեալ նախագահ Հաֆէզ ալ-Ասատի շիրիմ այցելութեամբ, իսկ Լաթաքիոյ մէջ յիշատակուեցաւ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի 100-ամեակը եւ տեղի ունեցաւ Ծովափի շրջանի հոգեւոր հովիւին աւագ քահանայ ձեռնադրութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելութեան առիթով իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Լաթաքիոյ եւ Քրտահայի մէջ տեղի ունեցած պետական պատշաճ ընդունելութեան համար, յաջողութիւն մաղթելով նահանգապետին ժողովուրդին ծառայելու իր առաքելութեան մէջ։

Նահանգապետը, իր կարգին գնահատեց սուրիահայութեան գործուն մասնակցութիւնը երկրի վերականգնումի աշխատանքներուն եւ
պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցութեան։