Լաթաքիահայութեան տուած հովուական այցելութենէն ետք, Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան պատուիրակութեամբ ժամանեց Քեսապ, ուր այցելութիւն տուաւ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Ս. Միքայէլ վանքի ժողովրդապետ Հոգշ. Տ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեանին եւ Քեսապի Հայ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւ պատուելի Շանթ Ակիշեանին, որոնք ջերմապէս դիմաւորեցին սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Սրբազան հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամներ եւ ազգայիններ:

Այցելութիւններու ընթացքին Հոգշ. Տ. Նարեկը եւ պատուելի Շանթը բարի գալուստի խօսք արտասանեցին, յայտնելով, որ սրբազան հօր օրհնաբեր այցելութիւնն ու ներկայութիւնը հոգեկան ցնծութիւն եւ հրճուանք պարգեւեց քեսապահայութեան։

Զոյգ եկեղեցիներուն մէջ, սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքներու հոգեւորականներուն՝ իրենց ջերմ ընդունելութեան համար եւ աղօթք բարձրացուց առ Ամենաբարին Աստուած, անոնց մաղթելով եղբայրական սիրով լեցուն օրհնաբեր ծառայութիւն, հեզասահ եւ բարեյաջող երթ։