«Արմէնփրէս»._ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով «Ցարկրատ» պատկեռասփիւռին տուած հարցազրոյցին յայտնած է, որ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դիտորդական առաքելութեան տեղակայման մասին փաստաթուղթը ստորագրելու պարագային Երեւան աւելի կայուն իրավիճակ պիտի ստանար:
«2022 -ի աշնան Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին ընդառաջ փաստաթուղթ նախապատրաստուած էր Հայաստանի տարածքին Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու մասին՝ մեր հայ դաշնակիցներու խնդրանքին համապատասխան: Փաստաթուղթը ամբողջութեամբ համաձայնած էր արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։ Յետոյ վերջին պահուն՝ գագաթնաժողովին, հայ ընկերները խնդրեցին յետաձգել անոր ընդունումը։ Մինչ օրս անիկա թուղթի վրայ է եւ չէ իրականացուած: Բայց եթէ Երեւանը հաստատեր անիկա, որ արդէն համաձայնուած էր, եւ պատրաստ մնար ստորագրումն ու անիկա գործադրութեան դնելը, համոզուած եմ, որ Հայաստանը պիտի շահէր եւ աւելի կայուն իրավիճակ պիտի ստանար», ըսած է Լաւրով:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 Ապրիլին Ազգային Ժողովին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանին ՀԱՊԿ դիտորդական առաքելութեան տեղակայման պատրաստ է ոչ միայն Ռուսիան, այլ նաեւ Հայաստանը: Վարչապետը ընդգծած էր, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքը կը շարունակուի: