Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ իր հանդիպումէն ետք հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ընդգծած է, թէ ունեցած են բաց, անկեղծ եւ արդիւնքի հասնելու միտուած քննարկում: «Անոնք կեդրոնացած են յառաջընթացի վրայ` Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման առումով: Ղեկավարները կը բաժնեն Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւնը: Ես բարձր կը գնահատեմ անոնց համապատասխան ջանքերը: Միասին մենք քննած ենք մեր օրակարգին վրայ գտնուող բոլոր հարցերը», յայտարարած է Միշէլ:

Ան դիտել տուած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս տեղի ունեցած դրական բանակցութիւններէն ետք պէտք է պահպանուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ վճռական քայլեր ձեռնարկելու թափը:

«Սահմանային հարցերուն մէջ մենք քննած ենք յառաջընթացը եւ սահմանի սահմանազատման առնչուած յաջորդ քայլերը: Այս ծիրին մէջ ղեկավարները համաձայնած են սահմանային հարցերու շուրջ երկկողմանի հանդիպումներու վերսկսման շուրջ: Ղեկավարները վերահաստատած են իրենց աներկբայ հաւատարմութիւնը 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին եւ Հայաստանի (29.800 քառակուսի քիլոմեթր) եւ Ատրպէյճանի (86.600 քառակուսի քիլոմեթր) համապատասխան տարածքային ամբողջականութեան: Սահմանի վերջնական սահմանազատման շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյացուի բանակցութիւններու միջոցով», յայտարարած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը:

Ան նաեւ յայտնած է, որ կողմերը յստակ յառաջընթաց արձանագրած են շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման ուղղուած քննարկումներուն: «Այս նիւթին շուրջ կողմերու դիրքորոշումները արդէն իրարու մօտ են, մասնաւորաբար Նախիջեւանի հետ եւ այդ հատուածով երկաթուղային հաղորդակցութիւնը վերականգնելու հարցին մէջ: «Անոնց համապատասխան խումբերուն յանձնարարուած է վերջնական տեսքի բերել համաձայնագիրը երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման պայմաններուն եւ միացեալ շինարարական աշխատանքներուն մասին` որոշակի ժամանակացոյցով: Անոնք համաձայնած են այս աշխատանքին համար օգտուիլ Համաշխարհային մաքսային կազմակերպութեան աջակցութենէն», ըսած է Միշէլ:

Անդրադառնալով մարդասիրական հարցերուն` Միշէլ ընդգծած է, որ եղած է հասկացողութիւն, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ազատ պիտի արձակուին մնացեալ պահուող անձերը: «Ես նաեւ ընդգծած եմ հասկացողութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը առ այն, որ զինուորները, որոնք պարզապէս մոլորուած եւ հակառակ կողմ անցած են, պիտի շարունակեն արագացուած կարգով ազատ արձակուիլ: Մենք նաեւ քննարկած ենք անյայտ կորսուածներու ճակատագիրները յստակացնելու եւ ականազերծման աշխատանքները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը», ըսած է Միշէլ:

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ շարունակած են քննարկումները «Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ինքնավար մարզին մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցին վերաբերեալ: Ես Ատրպէյճանին կոչ ուղղած եմ միջազգային ընտանիքին հետ սերտ համագործակցութեամբ մշակելու դրական օրակարգ` այդ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար»:
Միշէլ աւելցուցած է, որ կարեւոր է թշնամական հռետորաբանութենէն զերծ մնալ, բարեխիղճ գործել, ինչպէս նաեւ ղեկավարութիւն դրսեւորելը փոխադարձ ընդունելի լուծումներու հասնելու համար: «Մենք թաքուն ծրագիրներ չունինք: Մեր միակ նպատակն է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին օգնել հասնելու համապարփակ եւ արդար խաղաղութեան: Մենք պատրաստ ենք մեր ներդրումը ունենալու անոնց միացեալ ջանքերուն մէջ: Մենք համաձայնած ենք Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ կատարել այնքան յաճախ, որքան անհրաժեշտ է: Ղեկավարները Յուլիսին կրկին պիտի հանդիպին Պրիւքսելի մէջ: Եւ, ինչպէս արդէն հրապարակաւ յայտարարուած է, ամէնէն մօտ ժամկէտներու մէջ մենք կրկին պիտի հանդիպինք նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ` Քիշնեւի մէջ Եւրոպական քաղաքական հանրութեան երկրորդ վեհաժողովի հարթակին վրայ: Ես մտադիր եմ նաեւ ղեկավարները հրաւիրել մասնակցելու նմանատիպ յաւելեալ հանդիպումի Եւրոպական քաղաքական հանրութեան երրորդ վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ», եզրափակած է Միշէլ:
Եւրոպական Խորհուրդի բանբեր Պարենտ Լէյթս աւելի ուշ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ հանդիպման արդիւնքին վերաբերեալ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահի յայտարարութեան նախնական տարբերակին մէջ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ սխալ թիւ հրապարակուած է:

Յայտարարութեան նախնական տարբերակին մէջ, որ հրապարակուած էր Եւրոպական Խորհուրդի կայքին վրայ, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան իբրեւ թիւ նշուած է 89600 քառակուսի քիլոմեթր, որ ետքը խմբագրուած եւ դարձած է 86600 քառակուսի քիլոմեթր:
«Նախագահ Միշէլի մամլոյ յայտարարութեան մէջ սխալմունք կար: Նախագահին ակամայ սխալ թիւ տրամադրուած է: Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան համար ճիշդ թիւը 86 հազար 600 քառակուսի քիլոմեթրն է: Սխալը անմիջապէս սրբագրուած է յայտարարութեան տպագիր տարբերակին մէջ», գրած է Լէյթս:

Աւելցնենք, որ Ատրպէյճանի համար իբրեւ տարածք նշուած 86600 քառակուսի քիլոմեթրը կը նեռարէ Արցախը եւ Նախիջեւանը: