Կար ժամանակ, երբ Հոգետունը Հալէպի տեսարժան վայրերէն  մէկն էր, եւ կար ժամանակ ա՛յդ ժամանակէն առաջ, երբ Հոգետունը կարեւոր կեդրոն մըն էր, ընդհանրապէս՝ հոգիի կեդրոն մը, որովհետեւ այնտեղ էին «Ոսկետառ» տպարանն ու Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան կեդրոնը, ուր պատսպարուած էր նաեւ գրադարանը:
Հոգետունը երկու մուտք ունէր՝ մէկը Թիլէլէն, կամարաձեւ մուտք մը եւ վրան հայերէն ու արաբերէն «Հոգետուն» գրուած, ուրկէ մտնելէ ետք քանի մը լայն ու ցած աստիճաններով կը հասնէինք բակը, որուն ճի՛շդ դիմացն էր տպարանը:
Աջին նեղ ու բարձր աստիճանները կը տանէին վեր՝ Տիգրանակերտցիներուն գրադարանը:
Ամէն Կիրակի ժամը տասին բաց էր գրադարանը. արծուիկութենէն ելլող տիգրանակերտցի աղջնակներն ու աղջիկները դէպի տուն ճամբուն վրայ անպայման կ’այցելէին գրադարան, եթէ ոչ գիրք վարձելու,- շաբաթական կարծեմ տասը ղրուշ էր մէկ գիրք առնելը,- ապա գոնէ քիչ մը զբաղելու, քիչ մը երկարելու տունէն դուրս անցուած ժամանակը: Բայց գիրք ալ կ’առնէին, որովհետեւ այդ օրերուն մեր հաճելի զբաղումներէն մէկն էր կարդալն ու կարդացածին մասին կարծիքներ  փոխանակելը:
Բայց այս բոլորէն շա՜տ առաջ, ըստ Հալէպի առաջնորդ Արտաւազդ Սիւրմէեան Արք.-ին, Հոգետունը իջեւանատուն մը եղած է Կիլիկիայէն եւ Փոքր Ասիոյ կողմերէն Երուսաղէմ գացողներուն համար.
«Հոգետունս դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցած է պարզապէս իբր հոգեւոր պանդոկ, հանգիստ տալու վերէն կամ վարէն հոն հասնող ուխտաւորներուն»:
Յիշատակարան մը կ’ըսէ, թէ կառուցուած է 1624 թուականին, որպէս Սուրբ Յակոբայ Տուն, ապա գրեթէ հարիւր տարի ետք՝ 1721-ին կը նորոգուի, կը բարեզարդուի եւ անոր վրայ սենեակներ կ’աւելցուին:
1915-էն ետք այս եւ նման հոգետուներ գլխաւորաբար կը ծառայեն Արեւմտահայաստանէն հասնող գաղթական հայերուն որպէս բնակարան:
Հոգետան ընդհանուր տարածութիւնը 450 ք.մ է, իսկ միայն բակը՝ 161 ք.մ: Ունեցած է 23 սենեակ, եւ հոր մը բակին ճիշդ մէջտեղը:
Երբ աղջամուղջը իջնէր, ամէնէն առաջ Հոգետունը կը մթնէր եւ հոնկէ անցնիլը սոսկում կը պատճառէր ինծի, թերեւս անկիւններուն մէջ կուտակուած շուքերուն եւ ամայութեան պատճառով, թէեւ այդ ժամերուն բնաւ մինակս չէի ըլլար, հօրս կամ մօրս հետ կ’ըլլայի. որքան որ սիրելի էր Հոգետունը Կիրակի առտուները, այնքան վախազդու էր իրիկուններուն:
Հոգետունը կը կրճատէր ճամբան Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն մինչեւ Թիլէլ, որ կրնար համեմատաբար երկար ըլլալ, եթէ չըլլային Սալիպէի նեղ թաղերը, որոնք կը կապէին այդ շրջանը ոչ միայն Թիլէլին, այլ նաեւ Ճիտէյտէին, որ հալէպահայերուն գլխաւոր շուկան էր: Շաբթուան որեւէ օրուան առաւօտուն կարելի էր  տեսնել իրար հանդիպած երկու բարեկամուհիներ կամ ազգականուհիներ, որոնք առանց ուշք դարձնելու կանաչեղէնի, պտուղի, հաւի կամ միսի ծանր տոպրակներուն, կեցած կը զրուցէին իրարու հետ մե՜ծ ախորժակով:
-Լարա՛,- կ’ըսէ մեծ մայրը աղջկաս,- շուկայ պիտի երթամ, կու գա՞ս հետս:
-Կու գամ միայն եթէ թաքսիով երթանք,- պայման կը դնէ աղջիկս:
-Հոսկէ Ճիտէյտէ երկու քայլ է, ինչո՞ւ թաքսի,- կը զարմանայ մայրս:
Իրապէս ալ նախկին հրշէջներուն կեդրոնին դիմացի կողմը գտնուող մեր տունէն մինչեւ Ճիտէյտէ տասը վայրկեանէն կարելի էր քալելով հասնիլ:
-Ճամբուն համար չե՜մ,- կ’ըսէ Լարան,- բայց ամէն քայլի մէկը կը կեցնէ քեզի՝ բարե՜ւ, տիկին Արուսեակ, ինչպէ՞ս ես, գիտե՞ս, տղան որ տուիր ինծի, հիմա ի՜նչ մեծ երիտասարդ դարձեր է … ամէն քայլի մէկը կը կեցնէ, կը ձանձրանամ սպասելէն … եթէ թաքսիով կ’երթաս, կու գամ:
-Մի՛ գար ուրեմն,- կ’ըսէ մայրս եւ հարցը կը փակուի:
Վերջին տարիներուն Երեքշաբթի օրերը այլ տեսք կը ստանար Ճիտէյտէն, որ կը լեցուէր շատ վայելուչ արտաքինով օրիորդներով եւ տիկիններով, որոնք Քառասնից Մանկանց եկեղեցի կը շտապէին, Ս. Մինասի նուիրուած պատարագին երթալու, անցնելով Փայտի հրապարակէն, ուր միշտ ալ քանի մը ծերունիներ կը զրուցէին եւ մեծ թիւով մանուկներ կը խաղային:
Այդ նեղ թաղերը կը տանէին նաեւ Թիլէլի մէջտեղէն բաժնուող փողոցէն դէպի Ֆարհաթ անել հրապարակը, ուր երեք  եկեղեցիներ քովէ քով, դարերէ ի վեր կը հսկէին կարծես հալէպի քրիստոնեայ բնակչութիւնը՝ Սրբոց Քառասնիցը (հրապարակէն քիչ մը ներս), Մարոնիթներու եւ Յոյն կաթողիկէներու եկեղեցիները: Հրապարակը կը կոչուի Գաբրիէլ Գերմանով Ֆարհաթ Արք.-ին անունով (1670-1732), որուն արձանը՝ թիկնաթոռի մը վրայ բազմած, կ’իշխէ հրապարակին վրայ: Այս արձանը վնասուած էր Հալէպի ռմբակոծումի շրջանին, բայց այսօր նոյն վեհափառութեամբ կը շարունակէ հսկել բնակչութիւնը:
Այս շրջանին մէջ են անշուշտ նաեւ Հայկազեան երկու՝ աղջկանց եւ մանչերու վարժարանները. այս վերջինը տեղաւորուած էր հին եւ մեծ տան մը՝ Պէյթ Ղազալէի մէջ, որ յետոյ հնագիտութեան պատկանելուն, դադրեցաւ դպրոց ըլլալէ եւ դարձաւ Հալէպի ճարտարապետութիւնը ներկայացնող հնագիտական կարեւոր տուն մը:
Երբ արծուիկ էի, մեր կիրակնօրեայ հաւաքները այդ տան մէջ կ’ըլլային. հոն երթալը նոյնքան կը խանդավառէր զիս, որքան արծուիկ ըլլալս, մանաւանդ որ ամէն Կիրակի սկաուտական տարազով կ’երթայինք, բան մը որ շատ կ’ուրախացնէր մանուկի հոգիս եւ հպարտութեամբ կը լեցնէր զիս: Բակին շուրջի սենեակներէն պատուհաններ կը բացուէին, որոնց վրայ փորագրուած դրասանգերը երեւակայութիւնս կը լարէին, կը կարծէի գիտնալ, թէ այնտեղ փոքրիկ իշխանուհիներ ապրած են, որոնք երբեմն մառանները կամ խորերը գտնուող սենեակները դրուած են որպէս պատիժ, իրենց անհնազանդութիւններուն համար:
Այդ խորունկի սենեակներուն մէջ սակայն դասարաններու վառարաններուն համար դրուած թիթեղներն էին, ուրկէ մազութը մզեր էր յաճախ եւ աղտոտեր գետնի ճերմակ քարերը, բարկ հոտ մըն ալ տարածելով սենեակէն դուրս:
Բայց պէյթ Ղազալէի լիվա՜նը, տեսնելու էր հալէպեան տուներու այդ գեղեցկութիւններուն մէկ նմոյշը. աւելի ուշ, արաբական-սուրիական ֆիլմաշարերուն մէջ սկսան երեւիլ անոնք, հոն կամ նման տուներու մէջ նկարահանուելով:
Այս թաղերուն մէջ կ’ապրէին նաեւ ընկերուհիներէս եւ բարեկամուհիներէս շատեր, որոնք կը վայելէին Քառասնից Մանկանցի հարեւանութեան օրհնութիւնը:
Տարիներ ետք, երբ պատահեցաւ որ կրկին անցայ Հոգետունէն, պահ մը կեցայ Թիլէլի մուտքի կամարին տակ, կասկածելով ինքզինքիս՝ արդեօ՞ք սխալ մուտքի մը առջեւ եմ … Ցած ու լայն աստիճաններուն երկու կողմերը ծածկուեր էին աժան եւ անճաշակ հագուստեղէնով, իսկ բակին շուրջի սենեակները բոլորը վերածուեր էին խանութներու. խորհրդաւորութիւն չէր մնացեր, հորը ոչ իսկ կ’երեւէր. չէր երեւեր նաեւ տպարանը, որ կը շարունակէ՞ր հոն ըլլալ, թէ ոչ … (Դիմատետրեան գրառումի մը մէջ վերջերս տեսայ, թէ տպարանը այնտեղ է եւ կը շարունակէ բանիլ):
Սիրտս տրոփ մը կորսնցուց. օրերուն եւ տարիներուն հետ ոչ միայն յիշատակները կը հեռանային, այլ անոնք կը կորսնցնէին իրենց գոյնը, հարազատութիւնը, վաւերականութիւնը. կարծես մանկութիւնս էր, որ կամաց-կամաց կը տժգունէր:
Պատերազմի թէժ օրերուն, երբ Սալիպէի շրջանը գլխաւոր թիրախներէն մէկն էր, շատ մեծ վարագոյր մը փակեր էր մուտքը դէպի Ճիտէյտէ, արգիլելո՞ւ որ մարդիկ հոն մտնեն, թէ՞ ժողովուրդին աչքէն ծածկելու այն ահաւոր աւերակը, որ օրէ օր կ’աւելնար …
Կ’ըսուէր թէ պատերազմը ժողովուրդը «փրկելու» համար էր «բռնատէր պետութեան մը ճիրաններէն», բայց կարծես այդ «փրկարարներուն» համար աչքի փուշ դարձեր էր ազնուական եւ դարաւոր մեր քաղաքը իր հնագիտական վայրերով՝ ներսի շուկան, բաղնիքները, խաները եւ անշուշտ՝ քրիստոնէական թաղամասերը իրենց եկեղեցիներով, որոնք հետեւողականօրէն կը ռմբակոծուէին:
Այսօր, փառք տիրոջ, հակառակ դժուարութիւններուն, Հալէպի հին շրջանը սկսած է վերագտնել իր երբեմնի դիմագիծը: Պիտի կարենա՞մ գտնել անոր նեղ թաղերուն մէջ պահուըտած մանկութիւնս:
Մարուշ Երամեան