Լաթաքիոյ Սրբոց Նահատակաց Ազգ. վարժարանի 100-ամեակին առիթով, «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ երկրչփ. Մեղրիկ Ապահունի-Մանճեանի հետ. 
«Գանձասար»-Ի՞նչ պայմաններու մէջ հիմնուած է Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանը եւ ի՞նչ դեր ունեցած է համայնքի ձեւաւորուող կեանքին մէջ։
Մեղրիկ Ապահունի-Մանճեան-  1922-ին, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Կիլիկիայէն որպէս գաղթական Լաթաքիա հասած հայորդիներու նուիրական ջանքերուն շնորհիւ հիմնուած է Լաթաքիոյ հայ գաղութի վարժարանը, Ս.Յակոբեանց Ազգ.երկսեռ վարժարան անունով։ Յաջորդող տարիներուն, նիւթական խեղճուկրակ պայմաններու մէջ վարժարանը քայլ առ քայլ կը կայանայ, դառնալով գաղութի զաւակներուն ուսում եւ գիտութիւն ջամբող եւ հայեցի շունչով դաստիարակող կրթական միակ օջախը։
«Գ.»- Այսօր, 100 տարի վերջ, ի՞նչ վիճակ կը պարզէ վարժարանը, ինչպիսի՞ զարգացումներ կրած է կառուցային եւ ուսումնակրթական առումով։
Մ.Մ.- 1922-ին հիմնուած վարժարանին երթը կ’ըլլայ շարունակական՝ շնորհիւ գաղութի ղեկավարներու ջանքերուն եւ հաւատաւոր ու ժիր կրթական մշակներու գերագոյն ճիգերուն։ Եղեռնին զոհ գացած 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին եւ Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով, վարժարանը կը վերանուանուի Ազգ. Սրբ. Նահատակաց վարժարան։
Իր հին կառոյցով եւ ուսումնական համեստ, բայց գոհացուցիչ կարելիութիւններով, վարժարանը կը բոլորէ 20-րդ դարը եւ 21-րդ դար կը թեւակոխէ շինարարական եւ կրթական մեծ ծրագիրներու իրագործումով։ Արդ, 18 Նոյեմբեր 2001-ին, Գերշ. Տ.Սուրէն Սրբ.Արք.Գաթարոյեան կը կատարէ հին կառոյցին վրայ բարձրացած դպրոցի երկյարկանի նորակառոյց շէնքին բացումը, որ կ’իրագործուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նիւթական իշխանական նուիրատուութեամբ, ժողովրդային հանգանակութեամբ եւ օրուան Թաղական Խորհուրդին ու շինարարական յանձնախումբին հետեւողական աշխատանքով։  Հետագային՝  2003-ին, վարժարանը կ’օժտուի միջնակարգի բաժինով։
Դար մը ամբողջ զանազան մարտահրաւէրներ դիմագրաւող այս ամրակուռ մտքի տաճարը այսօր կ’արձանագրէ կրթական բարձր նուաճումներ, որոնց լաւագոյն ապացոյցն են պետական քննութիւններուն վարժարանի աշակերտներուն  ձեռք բերած փայլուն արդիւնքները։
Հարկ է յիշել, որ վարժարանը օժտուած է գիտական եւ գրական ճիւղերու մէջ հմտացած համալսարանաւարտ ուսուցիչներով, որոնք տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան հետեւողական քաջալերանքով  ճիգ չեն խնայեր ուսումնական մակարդակի բարելաւման ի խնդիր։
«Գ.»-Հարիւրամեակին առիթով ինչպիսի՞ աշխատանքներ իրականացուց հոգաբարձութիւնը եւ ընդհանրապէս ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէք երկրի ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ։
Մ.Մ.- Վարժարանի 100-ամեակին առիթով, հոգաբարձութեան ներկայ կազմը նախաձեռնեց Յուշամատեանի մը պատրաստութեան։ Նախ կազմուեցաւ արխիւային յանձնախումբ, որ ժրաջան աշխատանքով օժանդակեց յուշամատեանին մէջ զետեղուելիք արխիւներու եւ խմբանկարներու մէկտեղման աշխատանքին։
100-ամեակի իրագործումներուն կարգին՝ 2022-ին, միջնակարգի դասարաններուն եւ դպրոցի շրջափակին մէջ զետեղուեցան կեդրոնական համակարգով աշխատող լուսանկարչական սարքաւորումներ՝ դպրոցին մէջ կարգապահութիւնն ու ուսումնական մթնոլորտը զօրացնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ սկսան կիրարկուիլ դասաւանդման արդիական միջոցներ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով աշակերտներուն մօտ։ Իսկ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման համար վարժարանը օժտուեցաւ արեւային ելեկտրածին համակարգով։
100-ամեակի ձեռնարկներուն կարգին պէտք է աւելցնել, որ 2022 տարեշրջանի ամավերջի զոյգ հանդէսներուն գեղարուեստական յայտագիրին նիւթը կը վերաբերէր Սփիւռքի Տարուան եւ վարժարանի 100-ամեակին։ Աւելի ուշ, կարճ վաւերագրական տեսերիզ մը պատրաստուեցաւ եւ սփռուեցաւ, համագործակցութեամբ Լաթաքիոյ մէջ «Հայ Հորիզոն» կայքի թղթակիցին։
14-15 Հոկտ. 2022-ին, դպրոցի  պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Քերմէս, վարժարանի տանիքի խաղավայրին մէջ։ Հարկ է յիշել, որ հակառակ վարժարանիս Շրջանաւարտից Միութիւն չունենալուն, հոգաբարձութիւնը յաջողեցաւ համախըմբել վերջին 15  տարիներու շրջանաւարտները, որոնք ծնողաց խորհուրդի եւ ուսուցչական կազմի կողքին սիրայօժար մասնակցեցան քերմէսի նախապատրաստական աշխատանքներուն։
29 Հոկտ. 2022-ին, շրջանաւարտները կրկին համախմբուեցան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած պարահանդէսին, մէկ ընտանիքի հարազատ անդամներու նման միասնաբար տօնելու այս առիթը։
12 Մայիս 2023-ին տեղի ունեցաւ աւարտական զոյգ ձեռնարկներ՝ արխիւային ցուցահանդէս եւ Յոբելինական հանդիսութիւն։
Եւ վերջապէս, մեր շատ սիրելի ծնողներու, բարերարներու եւ օտար ափերու վրայ ապրող շրջանաւարտներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններով, մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ ապահովել վարժարանին անունը կրող անձնական 2 փոխադրակառքեր։
Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ մօտ ու հեռու գտնուող բոլոր շրջանաւարտներուն, որոնք նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ սատար հանդիսացան մեր բոլոր նախաձեռնութիւններուն։
Ներկայիս մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը վարժարանին երկրորդական բաժին չունենալն է, որ իր ժխտական անդրադարձը կը թողու այլասերման ենթակայ նոր սերունդին վրայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ երկրորդական վարժարան ունենալը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ հետապնդուող ծրագիր վարժարանի պատասխանատուներուն համար։
«Գ.»- Յուշամատեանին մասին յաւելեալ ի՞նչ կը ներկայացնէք։
Մ.Մ.- 100 ամեակին առիթով  Յուշամատեանի մը հրատարակման աշխատանքը ընթացք առաւ վարժարանի հնամեայ արխիւները մոռացութեան ճիրաններէն փրկելու եւ պատմութեան յանձնելու առաջադրանքով։
Յուշամատեանի խմբագրութեան աշխատանքը ստանձնեց դոկտ. Շողիկ Աշըգեան, որ արխիւային յանձնախումբի թաղականութեան  ներկայացուցիչ անդամին հետ համագործակցաբար բծախնդրութեամբ ուսումնասիրեց Թաղական Խորհուրդին քով գտնուած նիստերու ատենագրութիւններուն ձեռագիր մատեանները, նամակները, տոմարները, տեղեկագիրները եւ վիճակագրական տախտակները,  ապա թուղթին յանձնեց այդ արխիւներէն քաղուած տուեալները,  վաւերագրելու համար վարժարարանին պատմութիւնը: Ասիկա առաջին Յուշամատեանն է եւ իր բովանդակութեամբ  կ’արժեւորէ այս կրթօճախին բեղուն վաստակը։
Այս առիթով, բի՜ւր յարգանք եւ երախտագիտութիւն իրենց անձնազոհութեամբ այս հնամեայ կաղնիին հաստատուն արմատները սնուցող բոլոր նուիրեալներուն ու խոնարհ ծառայողներուն։ Բի՜ւր պատիւ անոր բոցավառ ջահը անմար պահող հին ու նոր կրթական բոլոր մշակներուն։
Նոյն հաւատքով եւ վերանորոգ ուխտով յաջող երթ կը մաղթենք մեր սիրելի վարժարանին՝ դէպի նոր հարիւրամեակ։
Հարցազրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան