28 Մայիս է…

Սակայն տակաւին հոս-հոն մահամերձի նման կ’ապրինք տառապանքով եւ պառակտումով: Տխուր է մեր հոգին մեր երկիրին նման: Կործանուած են մեր զգաստութեան աշտարակները, որոնցմէ կ’անձագանգէին ազատութեան եւ անկախութեան կարգախօսները: Ապականած մթնոլորտով կ’ապրինք ամէն օր, գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար։ Դարձած ենք փառամոլներ եւ մէկական նիւթապաշտներ: Մեր կեանքի գետերուն ջուրերը նեխած են եւ մամուռ կապած: Մեր սրբազան իտէալները, որոնք մեզ կ’առաջնորդէին, մեռած են մեր անձնասիրութեան, եսասիրութեան, ձրի ծափահարութիւններուն եւ փառամոլութեան հարուածներուն տակ:

Կարծէք մկրտուած ենք զրպարտութեան ջուրերուն մէջ: Կարծէք մեր գիտակցութենէն հեռացած ենք: Նիհար յաղթանակներու վազքին մէկական սիրահարներ դարձած ենք: Ժլատ յաջողութիւններով, հիասթափող իրականութիւններով հպարտացողներ:

Յուզիչ է մեր ձայնը եւ նոյնքան ալ տխուր, յուսահատական եւ խռպոտ: Եւ կարծես այս ձեւով ալ պիտի մնանք, այնքան ատեն որ մեր ներկայ սողացող կեանքին մէջ կառչած կը մնանք մեր անձնասիրութեան, անձնական հակումներուն:

Մեր առօրեայէն ատելութիւնը տակաւին արմատախիլ չէ եղած: Արդ, ինչպէ՞ս պիտի ակնկալենք նոր սերունդէն հայրենի տան սահմաններու պահպանումը, ստեղծագործելու կորովին եւ արդարութեան փնտռտուքին կողքին:

Սխալ պատուանդաններու վրայ զետեղած ենք մեր պաշտամունքի աստուածները: Օտարները նոր շղթաներ դարբնած են մեր վզին մեր սխալ ուղղութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Թունաւորուած հոգիներով շրջապատուած ենք: Տակաւին չենք կրցած նոյնիսկ կարդալ ազդանշանները այն մեծ աղէտին, որ ծնած է պապենա-կան հողերու կորուստին պատճառով, որովհետեւ նստած ենք անտարբերութեան գիրկը պատմութեան հորիզոնին վրայ:

Պատմութիւնը մեզի դասեր սորվեցուցած էր, բայց աւա՜ղ…տակաւին տող մ՚իսկ չենք հասկցած…աւելի ճիշդ՝ չենք ուզած կարդալ եւ հասկնալ…

Կարծես մեր տագնապը թոյնի եւ ատելութեան խմորով է շաղուած: Մոռցած ենք ստեղծագործ արդարութեամբ եւ համեշխարհութեամբ ապրիլը: Կանգ առած ենք կոյր ատելութեան եզրին, եւ աննպատակ քայլերով առաջնորդուած:

Անհատական եսին եւ ախորժակին ճարակ դարձած ենք: Մենք ատելութեան խոլական վազք մը ունինք, որ գրկած է մեր ամբողջ միտքը: Ամօթ է…

Կորսնցուցած ենք ճշմարտութիւններ տեսնելու մեր աչքերը: Մեր հոգիները դարձած են անապատ: Տեսանելի է ամէն բան:

Ասոնք են մեր սխալներուն միջուկները, որոնցմով տարիներէ ի վեր կը սնանինք:

Դարձեալ 28նՄայիս է…կ’ըսեմ: Վերյիշենք: Սորվինք:

Սկզբունքներու ճշմարտութիւնը եւ յաղթանակը միաբանութիւնն է, ըսած են մեր բոլոր հերոսները: Ուստի իրաւունք չունինք վաղուան սերունդներուն կեանքը պղտորել մեր կեղծ եւ նոյնքան ալ պիղծ պարկեշտութեամբ:

Չենք ուզեր, որ մեր դէմքն ու ազգային զգեստը աղտոտի աշխարհի փողոցներու ցեխին մէջ: Աւելին…անպայման թագաւոր կամ ղեկավար մը պէտք չէ ըլլալ, այս բոլորը ընելու համար: Ճշմարիտ հաւատքը անհատական համոզումէն կը ծնի:

Ուրիշներու հաւատալը հիմնական պատճառ մը չի կրնար ըլլալ մեր հաւատալուն: Վէճ, վիճիլ յաճախ յառաջդիմելու կը ծառայեն: Երբ այս ճշմարտութիւնը որդեգրուի, դիւրին կ’ըլլայ ըմբռնել թէ ի՞նչ կը նշանակէ քննադատել եւ քննադատութիւն:

Ինքնագիտակցութիւնը կենսական աւիշ է հասնելու նպատակին:

Այս բոլորին մէջ յաղթող կամ պարտուող չկայ. կայ միայն զոհաբերութիւն եւ յարգանք իրարու կարծիքի նկատմամբ: Ուժերու մեկտեղում է պէտք, որպէսզի արժանի ըլլանք ժառանգորդները այն մեծերուն, որոնք եկան եւ կերտեցին Մայիսեան այս անկախութիւնը:

Այս ձեւով, վերջ ի վերջոյ յաւիտենական նախատինք պիտի քսուի մեր ճակտին:

Բոլորս հայրենիքը փրկելու եւ ազգը վերստեղծելու կոչուած ենք եւ ոչ թէ զիրար հալածելու, ստորնացնելու եւ կամ վարկաբեկելու: Մենք, որ մեր հողերուն եւ երկրին ազատութեան մարտիրոսներ ծնած ենք, աւա՜ղ այս օրերուն ատելութեամբ եւ ոխով լեցուցած ենք մեր աչքերը: Մենք նաեւ ապրելու եւ ապրեցնելու կոչուած ազգ էինք, եւ եթէ մենք զմեզ լաւ ճանչնանք ու մնանք նոյն ձեւով պիտի կորսուինք: Մեզմէ կ’օրինակուէին շատ ազգեր: Իսկ հիմա՝ հակառակը: Նոյն այդ մեր «մենք»ը դարձած է ուրիշները ընդօրինակող:

Դարձեալ Մայիս 28 է…պատեհ առիթ է զգաստանալու…կը կրկնեմ:

Կը հաւատամ, որ վերջապէս բախտաւոր օր մը գիտակցութեան գալով պիտի կարենանք յաղթանակել մեր բոլոր դժուարութիւններուն, նուիրումի եւ անձնազոհութեան պատմական բոցով եւ ազգովին դարձեալ պիտի ջերմանանք:

Ուստի, նախապայման է պահել մեր ամբողջութիւնը, որպէսզի ուժի մեր մեծ ու փոքր բոլոր մասնիկները չկորսուին:

Այս մէկը նուիրական պարտք մըն է բոլորիս ճիտին:

105 տարի առաջ նոր պատմութիւն կերտեցինք: Մեզի կ’իյնայ նոյն այդ պատմութենէն մեզի հասնող պատգամները անգամ մը եւս լսել, որպէսզի մեր միջնաբերդը ամրանայ, որպէսզի վաղուան սերունդներուն բերնին մէջ կրկին անգամ ազատութեան երգը թրթռայ, բարձրաձայն եւ աշխարհի հասանելի:

Վաղուան սերունդը պէտք ունի փրկարար ներշնչումի, նոր ծրագիր-աշխատանքներու իրագործման, դրական մտածողութեան, վեհանձնութեան, արիութեան, քաջութեան, նուիրումի եւ հպարտանքի անկեղծութեան, զոհողութեան եւ զոհաբերութեան օրինակներու:

Հաւատացէ՛ք, տակաւին շատ հերոսներ, նոյնպէս ալ դաւաճաններ, յաղթանակ-ներ եւ պարտութիւններ պիտի գան ու երթան, պիտի արձանագրուին ու պիտի լուսաւորեն կամ մթագնեն մեր պատմութեան էջերը:

Մենք մինչեւ հիմա պէտք էր որ գիտնայինք ոչ միայն սիրել մեր թշնամիները, այլեւ ատել կեղծ բարեկամները:

Օրէնքի համազօր եւ համահաւասար կարգապահութիւննու գիտակցութիւնն է , որոնք պիտի ապահովեն մեր ազգի գոյութիւնը, հայրենիքի ներկան եւ ապահովեն անոր փայլուն ապագան: Ժամանակն է որ խորտակենք մեր իսկ ձեռքերով ստեղծած մեր կեղծ կուռքերը: Չարիքը խափանենք: Ստեղծենք համերաշխութեան ոգին, մոռնալով անմիաբանութեան բոլոր լծակները:

Մենք ազատութիւն եւ արդարութիւն կը տենչանք մեր հայրենիքին մէջ, ոչ թէ բռնակալ եւ քարացած մտայնութեամբ առաջնորդ: Կարծես սկսած ենք աշխարհի գռեհիկ տիղմերու մէջ ման գալ: Պատիւի եւ արժանապատուութեան սին ծափողջիւններով յղփանալ եւ կեղծ պաշտամունքով գոհանալ:

Այս բոլոր պատրանքներէն սթափիլ է պէտք, որովհետեւ ազգովին համոզուած ենք, որ մեր վերելքը գրաւականն է մեր յաղթանակին:

Չփորձենք երեք տասնամեակնէրէ աւելի մեր ազատ եւ անկախ հայրենի շէնքին քարերը քանդել: Լաւ գիտցէ՛ք…Վաղը, դուք ձեր ստեղծած այդ աւերակներուն վրայ պիտի ապրիք եւ այդ քարերը հաւանաբար ալ ձեր տապանաքարերը կրնան ըլլալ: Հոգ չէ սխալներ եղած են: Գործուած են: Բայց շնորհիւ լայնախոհութեան եւ ինքնաճանաչման, վաղը նոր սերունդի շինարար քարակոփերու ձէրքերը, օրինակուելով Մայիսեան յաղթանակէն, նորէն պիտի ձեւաւորեն շէնքը, նոր կառոյցով, նոր ճարտարապետութեամբ:

Թէեւ շէնքին եւ քարերուն ձեւերը կամ տեղերը կրնան փոխուիլ կամ իրենց ծաւալէն կրնան որոշ մասեր կորսնցնել, բայց չեն դադրիր նոր եւ արդիական շինուածքի մը ծառայելու յարմարութիւններ ըլլալէ:

Այս բոլորը, որպէսզի չդառնանք ամբոխային եւ աններդաշնակ: Այլապէս կը քանդուինք եւ կը կազմալուծուինք ու վերջապէս սիրոյ եւ համերաշխութեան թաղումը մեր ձեռքերով կը կատարենք, լքումի եւ հիասթափութեան խորշումներովը մեր ճակտին:

Մեր ազգային կորովը պէտք է նոյն աւազանին մէջ հոսի ստեղծելու համար մեր միասնակութիւնը: Որովհետեւ, եթէ մեր բարոյական արժէքները անշարժութեան մատնուին…կը քանդուինք:

Ի՞նչ փոյթ եթէ վիճինք կամ վիճաբանինք: Էականը, մեր ազգային սկզբունքներէն չշեղիլն է: Ներդաշնակենք մեր դրական գաղափարներու թելերը իրականութեան լանջին, զոհողութեան եւ զոհաբերութեան ոգիով, յօժարակամութեամբ, յարգանքով, սիրով եւ գիտակցութեամբ: Հաւատացէ՛ք…ժողովուրդ մը երիտասարդ է, երբ իր հոգին նաւարկել գիտէ:

Տկար հոգիները միայն կը մնան կառչած անձնասիրութեան աթոռներուն:

Հարկ է անպայման հետեւիլ 28 Մայիսի խորհուրդին եւ ոգիին, որպէսզի ապահովենք Մայիսեան նոր արշալոյս:

Մինչ՝

Մայիսեան յաղթանակդ շնորհաւոր, հա՛յ ժողովուրդ:

Կենացդ, Հայաստա՛ն, հայ ժողովուրդի միակ հայրենիք:

Գէորգ Պետիկեան