Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշքարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ին յիշատակուեցաւ Հայաստանի Ա. Անկախութեան 105-ամեակը : Առաւօտեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ անմահ պատարագ մատուցեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալայճեան: Պատարագի աւարտին, առաջնորդարանի շրջափակէն ներս կատարուեցաւ դրոշօրհներգ եւ հանրապետական մաղթանք հոգեւոր հայրերու կողմէ, ներկայութեամբ պատկան մարիմնին, թաղականութեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի Գամիշլիի երեսփոխաններու, ազգային եւ միութենական մարմիններու եւ հոծ բազմութեան։

ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը ազգային երգերու երաժշտութեամբ խանդավառեց ներկաները։
Երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Կիւլպէնկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայիսեան յաղթանակին նուիրուած փառատօն, ներկայութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալայճեանի, Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, Պատկան Մարմինի, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչներու, ազգային եւ միութենական մարմիններու եւ հոծ բազմութեան։
Հանդիսավար Սէրլի Մելքոնեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վարկեան յոտնկայս յարգելու անմահ նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք հնչեց Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ Սարգիս Սիմոնեան, որ անդրադարձաւ 28 Մայիսի խորհուրդին, հերոսամարտերուն եւ հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին ըսելով. «Արամ Մանուկեանի կոչը «դէպի ճակատ» ընկալուեցաւ իբրեւ մարտահրաւէր եւ դարձաւ ամէն հայու կարգախօս: Յաղթելու վճռականութեամբ հայ ժողովուդը հասաւ իր նպատակին եւ այսօր 105 տարի ետք, ինչպէս անցեալին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դարձեալ պատնէշի վրայ կանգնած է եւ գործի լծուած յանուն Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մեր ժողովուրդին դէմ ցցուող վտանգներու յաղթահարման համար»։
Ազգային երգերու փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ատուր Ադամեան, Յակոբ Պարսումեան, Յովիկ Կրպոյեան եւ Ռաֆֆի Օհանեան, որոնք իրենց թիւդիչ ձայնով եւ ներդաշնակ կատարոմներով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին։ Մենակատարներուն կ՚ընկերակցէր երաժիշտ Քրիստափոր Միքայէլեան։

Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցաւ համազգայինի «Վանայ» պարախումբը, հայկական պարերու շարան մը ներկայացնելով:

Հուսկ, հոգեւոր հայրերու «Պահպանիչ» աղօթքով տօնակատարութիւնը հասաւ իր աւարտին։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն