Կիրակի, 28 Մայիսին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը։ Թուրքիոյ գործող նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան 14 Մայիսին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան առաջին փուլի ընթացքին ապահոված էր քուէներու 49,5 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակիցը՝ Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուն՝ քուէներուն 44,9 առ հարիւրը։
85 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրին մէջ նախագահական ընտրութիւնը կարեւոր էր, ոչ միայն ճշդելու համար, թէ ով երկիրը պիտի ղեկավարէ, այլ նաեւ ճշդելու համար, թէ անիկա ինչպէ՛ս պիտի կառավարուի եւ դէպի ո՛ւր կ’ուղղուի անոր տնտեսութիւնը, որ ապրուստի մեծ սղաճ ու ազգային դրամանիշի արժեզրկում կը դիմագրաւէ։ Ընտրութիւնը
նաեւ պիտի ճշդէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ուղղուածութիւնը։
Էրտողան եւ Քըլըչտարօղլու նոյն պահուն քուէարկեցին՝ յաջորդաբար Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ։ Գործող նախագահը քուէարկելէ ետք յայտնեց. «Հեզասահ ընտրական հոլովոյթ մը եւ արդիւնքներու արագ յայտարարում կը նախատեսենք»։ «Թուրքիան փաստեց, թէ որքան կառչած է ժողովրդավարութեան», ըսաւ ան։
Քըլըչտարօղլու իր կարգին յայտնեց. «Բոլոր քաղաքացիներուն կոչ կ’ուղղեմ՝ քուէատուփեր ուղղուելու եւ պաշտպանելու իրենց քուէները, որովհետեւ ընտրութիւնը տեղի կ’ունենայ դժուար պայմաններու մէջ»։ «Թուրքերուն կոչ կ’ուղղեմ՝ մենատիրական վարչակարգէն ձերբազատուելու համար քուէարկելու», ըսաւ ան։
Նախքան այդ, Թուրքիոյ Ընտրական բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Ահմէթ Եանար յայտարարեց. «Նախագահական ընտրութեան արդիւնքի յայտարարումը շատ պիտի չուշանայ ինչպէս պատահեցաւ առաջին փուլին»՝ աւելցնելով, որ երկրորդ փուլին մասնակցութեան համեմատութիւնը շատ բարձր է։
Նախագահական ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը 83,99 առ հարիւր էր։
Էրտողան ապահովեց քուէներուն 52,14 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակիցը՝ Քըլըչտարօղլուն՝ 47,86 առ հարիւրը։