14 Օգոստոս 2022
Ահաւոր բան մը այնտեղ պատահեցաւ,
Սուրմալուն հողակոյտի վերածուեցաւ…
Գետնի տակէն կը լսուէին ձայներ,
Կը լսուէին կոծ ու լացեր…
Տօ՛, լա՛ճ, տնաւե՛ր, տօ՛, լա՛ճ, տնաւե՛ր…:
 
Սուրմալու առեւտրական կեդրոնի մէջ տեղի ունեցած պայթումը իմանալով, մտապատկերիս առջեւ գրուեցան Երեմիա մարգարէին խօսքերը յիշուած Մատթէոսի Աւետարանի 2-րդ գլխուն 18 համարին տակ։ Ան կ՛ըսէ. «Ձայն մը Հռամայի մէջ, լաց ու կոծ եւ երկար կսկիծներ: Հռաքել կ՛ողբայ իր որդիները եւ չ՛ուզեր մխիթարուիլ, որովհետեւ անոնք ալ չկան»:
Այո, հնչեց ձայն մը Հռամայի մէջ.
Հնչեց նաեւ ձայն մը Սարմալուի մէջ…
Լսուեցան Հռաքելի լացի, ողբի ու հեծեծանքի ձայները…
Լսուեցաւ նաեւ ձայնը ողջ հայութեան.
Զոհեր, կորուստներ, վիրաւորներ…:
Այս ահաւոր դէպքին հետեւանքով մեր ներաշխարհը կրկին կը յուզուի, մեր վէրքը կրկին կը կոտտայ, կ՛առիւնի ու մեր աչքերը կը վերասլանան դէպի հայրենիք` անգամ մը եւս իրազէկ դառնալու հոն պատահած կործանարար աղէտէն փրկուողներու վիճակին:
Այս մարդկային, հոգեկան արհաւիրքին մեր միակ բալասանը աղօթքն է:
Աղօթենք մեր վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինման համար:
Աղօթենք անհետ կորածներուն ի յայտ գալուն համար:
Աղօթենք, խունկ ու մոմ վառենք մեր զոհերու յիշատակին, աղօթենք անոնց հարազատներուն համար, որպէսզի Ս. Հոգւոյն մխիթարութեամբ օժտուին:
Աղօթենք մեր հայրենիքին, Հայաստանի ու Արցախի խաղաղութեան եւ ուժ մաղթենք բոլորին՝ տոկալու, տոկալու… հայու հաւատքը վկայ:
Կոմիտաս Ա. Քահանայ Տատաղլեան