Չորեքշաբթի, 31 Մայիս 2022-ին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Մայիսեան վերջին աղօթքը կատարուեցաւ հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Ընդառաջելով Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ Թաղականութեան փափաքին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան Օրհնութեան եւ Գնահատանքի գիր շնորհեց երկար տարիներու ծառայող Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն եւ դպրաց դասուն։
Սրբազան հայրը Օրհնութեան գիրին մէջ յիշած էր. «Այս օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրով մեր հայրական սէրը կը յայտնենք ձեզի եւ Բարձեալ Աստուծմէ կը հայցենք, որ աւելիով շնորհազարդէ ու պարգեւազարդէ ձեզ, որպէսզի կրկնակի եռանդով շարունակէք ձեր քաղցր ծառայութիւնը Աստուծոյ փառքին, Աստուծոյ տան պայծառութեան եւ հաւատացեալներուն օգտակար դառնալու աշխատանքին, որպէսզի ձեր երգեցողութեամբ եւ սուրբ սեղանին մատուցած սպասարկումով Աստուած փառաւորուի եւ հաւատացեալներն ալ առաւել հոգեհարազատութեամբ կարենան Աստուծոյ մօտենալ եւ անոր հետ կենդանի հաղորդակցութեան մէջ մտնել»։
Հայր սուրբը, իր կարգին, գնահատեց զիրենք եւ մաղթեց, որ Աստուած օրհնէ իրենց ընտանիքները եւ զաւակները աղօթելով, որ Աստուածամօր օրհնութիւնը միշտ ներկայ ըլլայ իրենց տուներէն ներս։ Ապա հայր սուրբը, Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանը եւ թաղականութեան ատենապետ Վարդան Մուրատեանը յուշանուէրներ յանձնեցին անոնց։

Իրենց կարգին սարկաւագները եւ Դպրաց Դասու անդամուհիները շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազան հօր, հայր սուրբին եւ թաղականութեան անդամներուն, հաստատելով, որ անակնկալ այս գնահատականը ծառայութեան մղում պիտի ներշնչէ բոլորին։