Անդրանիկ Կիւրտալեան. հալէպահայ տաղանդաւոր պատանի մը, որ Սապահ Ֆախրիի անուան պետական երաժշտանոցէն ներս, իր ուսուցիչին՝ երաժշտագէտ Ժիրայր Րէիսեանի քաջալերանքով ծանօթացած ու հմտացած է միջնադարեան Պարոք շրջանի երաժշտական ընտիր գործիքին՝ ռիքորտըրի (սրինգի տեսակ, փողային երաժշտական գործիք) կատարման մէջ։

Տարբեր առիթներով հանդէս գալով, Անդրանիկ տարուէ տարի կատարելագործած է իր նուագելու հմտութիւնը, արժանացած է մրցանակներու՝ այս փոքր, բայց հնչեղ գործիքով հրամցնել կարենալով ժողովրդային եւ դասական ստեղծագործութիւններ։

Հինգշաբթի, 1 Յունիսին, կազմակերպութեամբ Սապահ Ֆախրիի անուան պետական երաժշտանոցի տնօրէնութեան, Հալէպի մշակութային պետական կեդրոնէն ներս ելոյթ ունեցաւ Անդրանիկ Կիւլտալեանը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հանրի եւ Լորիան Էյուպի։

Փոքր, բայց հայ եւ արաբ հանդիսատեսներով գունազարդուած սրահը Հալէպի մշակութային խճանկարը կ՚արտացոլացնէր։
Ներկայ էին նաեւ Հալէպի մշակութային տնօրէն Ճապեր Սաթութն ու Սապահ Ֆախրի երաժշտանոցի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ։

Բացման խօսքով երաժշտանոցի տնօրէն Ապտուլ Հալիմ Հարիրի բարի գալուստ մաղթեց Հալէպի մշակութային տնօրէնին ու հրաւիրեալներուն, վեր առնելով Անդրանիկ Կիւլտալեանի ժրաջան աշխատանքն ու սէրը հանդէպ երաժշտութեան, յատկապէս ռիքորտիրին։ Ան գնահատեց Ժիրայր Րէիսեանի եւ դաշնամուրի ուսուցչուհի Վերա Րէիսեանի աշխատանքը, որուն արգասիքն էր այս երեկոն։

Յայտագիրի առաջին բաժինով Անդրանիկ Կիւլտալեան ներկայացուց. –
Giuseppe Valentini-ի Sonata III-ը, Henry Purcell-ի Hornpipe-ը, Antonio Vivaldi-ի Konzert D-Dur-ը, Michel Frantz-ի Fleurs Animées-ը եւ Խաչատուր Աւետիսեանի «Ուքրանական Պար»-ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հանրի Էյուպի։
Կիւլտալեան յաջողեցաւ արհեստավարժ կատարումով արտաբերել ռիքորտըրին պարզ, նուրբ ու քաղցր ձայնը։

Դադարի ընթացքին, ներկաներուն խնդրանքին ընդառաջելով, Անդրանիկին ուսուցիչը` Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, երաժշտագէտ Ժիրայր Րէիսեան ներկաները ծանօթացուց միջնադարեան Պարոք շրջանէն օգտագործուիլ սկսած ռեքորտըրին, պալատներու մէջ անոր օգտագործման, ապա երկար շրջան մը մոռացութեան մատնուելէ ետք, նախ դպրոցական շրջանակներու, ապա տարբեր բեմերու վրայ վերստին կիրարկման, ձայնային կարելիութիւններուն եւ փայտով ու կերպընկալով շինուած տարբերակներուն։

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով Կիւլտալեանին դաշնամուրով ընկերակցեցաւ Լորիան Էյուպը։
Այս բաժինով հնչեցին. –
Johann S. Bach-ի Menuet Partita-ն եւ Badinerie-ն, Roberto Valentino-ի Sonata IX-ը, Կոմիտասի «Հով Առէք»-ն ու «Քէլէ, Քելէ»-ն, Գրիգոր Հախինեանի մշակումով «Նազան Եար»-ը:

Կիւլտալեան ժողովրդային ստեղծագործութիւններու, յատկապէս Կոմիտասի մշակումներուն բծախնդիր կատարումով եւս գրաւեց ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը։ Յատկանշական էր նաեւ Լորիան Այուպի ճշգրիտ ընկալումն ու ապրումային կատարումը Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն։

Ելոյթը արժանացաւ ներկաներուն ջերմ ծափողջոյններուն եւ Հալէպի ճգնաժամային առօրեային յուսադրիչ երանգ մը պարգեւեց։

Այս առիթով Կիւլտալեան կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ռիքորտըրին նուրբ եւ իւրայատուկ ձայնը իր ուշադրութիւնը գրաւած է եւ ընտրելով այս երժշտկ. գործիքը իր դիմաց բացուած է դասական եւ ժողովրդային երաժշտութեան ծով աշխարհը, որուն մէջ սաւառնելու համար երկար ժամեր նուիրած է վարժութիւններու եւ ուսուցիչին հսկողութեամբ տարուէ տարի հմտացած է կատարողական արուեստին մէջ։

2017-ին Սուրիոյ Պայոներական Շարժումին կազմակերպած երաժշտական մրցանքին առաջնակարգ հանդիսացած է նախ Հալէպի, ապա երկրի մակարդակով, եւ կազմակերպութեան կողմէ ուղարկուած Մինսք, Պիելոռուսիա:

Կը հաւատանք, որ Անդրանիկ Կիւլտալեան իր բծախնդիր աշխատանքով պիտի նուաճէ նոր բեմահարթակներ։

Թղթակից