Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Քիշնեւի հանդիպումը շատ կարեւոր է։ Այս մասին Քիշնեւի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 2-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս լրագրողներուն ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ։

«Այսօր կարեւոր հանդիպում կայ: Քանի մը շաբաթ առաջ ես կարելիութիւն ունեցայ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հետ։ Մենք որոշակի յառաջընթաց գրանցած ենք, եւ ես յոյս ունիմ, որ այս հանդիպումը կարելիութիւն կ’ու տայ վերահաստատելու երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ընդհանուր քաղաքական կամքը», ըսած է ան։