ԵՕԹԸ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԻՐԵՐ, ԶՈՐՍ ՊԷՏՔ ՉԷ ԲԱԺՆԵԿՑԻԼ ՈՒՐԻՇԻՆ ՀԵՏ

Իւրաքանչիւր իր ունի իր պահպանման պայմանները եւ օգտագործման ժամկէտը, որուն լրանալուն պէս պէտք է թափել զայն:
Շատերս մեր անձնական իրերը կը բաժնեկցինք մեր ընտանիքի անդամներուն, մտերիմներուն եւ ընկերներուն հետ յաճախ մոռնալով, որ անոնք կրնան վնաս հասցնել մեր եւ մեր սիրելիներուն առողջութեան: Ստորեւ կը ներկայացնենք եօթը անձնական իրեր, զորս նախընտրելի չէ բաժնեկցիլ ուրիշին հետ:
1-ՀՈՂԱԹԱՓՆԵՐ
Յաճախ մեր հիւրերուն հողաթափ կ’առաջարկենք: Աւելի լաւ է յատուկ հողաթափ գնել անոնց համար, որովհետեւ հողաթափին մէջ երբեմն մեր ոտքերը կը քրտնին եւ սնկային հիւանդութիւններ յառաջանալու վտանգը կը մեծնայ: Նախընտրելի է վեց ամիս անգամ մը հողաթափները փոխել:
2-ՄԱՇԿԻ ԽՆԱՄՔԻ ՊԻՏՈՅՔՆԵՐ
Դէմքի մաքրութեան համար օգտագործուած բոլոր խոզանակներուն, յատուկ սպունգներուն, մերսումի գլաններուն վրայ ժամանակի ընթացքին կը կուտակուին մանրէներ, որոնք մաշկի վրայ պշտիկներ կրնան յառաջացնել:
Չմոռնանք, որ այս բոլոր պիտոյքները պէտք է օճառով լուալ ամէն գործածութենէ ետք, նաեւ փոխել զանոնք 2-3 ամիս անգամ մը:
3-ՄԱՏՆԱՅԱՐԴԱՐՈՒՄԻ ՊԻՏՈՅՔՆԵՐ
Ձեր եղունգի բոլոր պիտոյքները պէտք է օգտագործուին միայն ձեր կողմէն, որովհետեւ այս պիտոյքները սնկային հիւանդութիւններու բոյն են: Մատնայարդարի քով այցելութեան ընթացքին վստահ եղէ՛ք, որ օգտագործուած իրերը ալքոլով հականեխուած են:
4-ՑԱՄՔՈՑՆԵՐ
Ցամքոցին պարտականութիւնը մարմինին վրայի ջուրը ցամքեցնելն է:
Փորձագէտները խորհուրդ կու տան 3-4 օրուան ընթացքին փոխել ցամքոցները: Նախընտրելի է ցամքոցները գործածելէ ետք չորցնել ոչ խոնաւ միջավայրի մէջ:
5-ԱՆՈՒՇԱՀՈՏ 
Անուշահոտը նոյնպէս կրնայ մանրէներու բոյն ըլլալ: Նախընտրելի է զայն օգտագործել մաքուր մաշկի վրայ, որպէսզի խուսափինք մանրէներէն:
6-ԾԱՄԱԿԱԼՆԵՐ
Բոլորս գիտենք, որ ուրիշին սանտրը օգտագործելը վատ գաղափար է: Նոյնը կը վերաբերի ծամակալներուն :Գլխամաշկի սունկը շատ հեշտութեամբ կը տարածուի ծամակալներուն միջոցաւ:
7-ԱԿԱՆՋԱԿԱԼՆԵՐ
Ուրիշին ականջակալը գործածելը կրնայ միջին ականջի բորբոքումին պատճառ դառնալ: Նախընտրելի է ականջակալները շաբաթը անգամ մը մաքրել:
***
Բանաստեղծական Անկիւն
ՏԱՐԱԳԻՐ
Շուշի քաղաք ,
արեգակնային սէգ բարձունքներէդ
ձմրան խուսաբուկ լուսաբացի պէս
որդիներդ հեռացան…
Անոնք հեռացան ՝
ցասկոտ պոռթկումներ իրենց շրթներուն,
ինչպէս աւազի վրայ համրուած
ոտնահետքերը խոյս տուող որսի,
Ինչպէս ալիքի մենութեամբ տարուած
ստուերը ճայի…
Յետադարձ դէմքով
տղայ մը փոքրիկ,
ափերը պարզած մօրը քղանցքին,
թաց աչքերուն մէջ
բառերը հատ-հատ կաթող անձրեւին,
եւ նոյն հարցումը դողդոջ շրթներուն՝
Կը կրկնէր մօրը,
– ե՞րբ ենք դառնալու
մեր տունը կրկին…
Փանոս Ճերանեան
Պատրաստեց Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան