ԿԵՆՑԱՂԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐՆ ՈՒ ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ
Ինչպէ՞ս գործածել դանակը, դգալը եւ պատառաքաղը, ինչպէ՞ս կապել կօշիկին կապերը, ե՞րբ դիմել մեծերուն:
Եթէ մեր զաւակներուն սորվեցնենք քաղաքավարական կանոնները, անոնք ոչ միայն կ’իւրացնեն զանոնք, այլեւ կը դառնան պատասխանատու պատանիներ: Ուստի հարկ է փոքր տարիքէն սորվեցնել անոնց կենցաղային կարգ մը գիտելիքներ, քաջ գիտնալով, որ փոքրիկին առաջին օրինակը ծնողքն է:
Ա) Փոքրիկը պէտք է բարեւ տալ սորվի:
Ձեր զաւակներուն պէտք է սորվեցնել, որ մարդոց հանդիպելու պարագային պէտք է բարեւել՝ բարի լոյս, բարի իրիկուն, բարի գիշեր ըսել, ինչպէս նաեւ հրաժեշտ տալ՝ անոնց աչքերուն մէջ նայելով: Փոքրերը յաճախ կ’ամչնան անծանօթ մարդոց բարեւելու:
Փոքրիկին պէտք է սորվեցնել, թէ երբ հիւր գայ կամ անծանօթ անձ մը իրեն մօտենայ, անպայման պէտք է բարեւէ անոր, անկախ թէ ինչով զբաղած է ( համակարգիչով, դաս սորվելով, թէ այլ բանով):
Բարեւելը մեծ նշանակութիւն ունի ընկերային յարաբերութեան մէջ, քանի որ մարդիկ ընկերային էակներ են:
Երբ մենք դիմացինին կը բարեւենք մեր զաւկին դիմաց, մենք կը սորվեցնենք անոր նկատի առնել դիմացինը եւ ընդունիլ զայն:
Ինքնավստահութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ է պատշաճ ձեւով բարեւել սորվիլ:
Բ) Փոքրիկը պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել սորվի:
Մեր զաւակներուն սորվեցնենք, թէ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ շնորհակալութիւն պէտք է յայտնեն:
Մանկավարժներ կը յայտնեն, որ երջանիկ, ուրախ եւ առողջ ըլլալու համար պէտք է երախտագէտ ըլլալ, որովհետեւ երախտագէտ անձը աւելի հանգիստ կը քնանայ, աւելի դիմացկուն ու գոհ կ’ըլլայ իր կեանքէն:
Գ) Փոքրիկը ներողութիւն պէտք է խնդրէ եւ ներէ:
Պէտք է փոքրիկը դաստիարակել այնպէս մը, որ միշտ ներողութիւն խնդրէ իր գործած սխալ արարքներուն համար, ինչպէս նաեւ դիմացինը ներելու սովորութիւն ձեռք բերէ:
Երբեք մի՛ ստիպէք փոքրիկը ներողութիւն խնդրելու, այլ՝ ժամանակ տուէ՛ք, որպէսզի մտածէ, անդրադառնայ իր սխալին եւ ինքնուրոյն ներողութիւն խնդրէ:
Երբ ձեր զաւակը ներողամիտ ըլլայ, հետագային աւելի հանգիստ եւ խաղաղ կեանք մը կը վարէ:
Դ) Փոքրիկը պէտք է սպասել սորվի:
Ձեր զաւակը դաստիարակեցէ՛ք այնպէս մը, որ սպասել սորվի:
Պէտք է սպասել դիմացինին խօսակցութեան աւարտին եւ չմիջամտել զայն:
Եթէ ձեր զաւակը միջամտէ ձեր խօսակցութեան, մի՛ պատասխանէք նոյնիսկ կարճ նախադասութեամբ, այլ անոր աչքերուն մէջ նայելով հասկցուցէ՛ք իրեն, որ այս պահուն զբաղած էք եւ երբ աւարտէք մտիկ կ’ընէք իրեն:
Այլ պարագաներու, եթէ ձեր զաւակը տուրմ նուէր ստացած է, օրինակ, միասին պահեցէ՛ք զայն, որպէսզի ճաշէն ետք ուտէ:
Եթէ խաղալիք մը նուէր ստացած է, նախ յանձնարարեցէ՛ք տնային պարտականութիւնները աւարտել, կամ սենեակը կարգի բերել, յետոյ խաղալիքին տուփը բանալ:
Երբ փոքրիկը սպասել եւ իր ուրախութիւնը քանի մը վայրկեան յետաձգել սորվի, հետագային յաջող եւ աշխատասէր անձնաւորութիւն մը կը դառնայ:
Պատրաստեց Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան