Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Թուրքիոյ վերընտրուած նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան, 3 Յունիսին Անգարայի մէջ կարճ զրոյց մը ունեցած են։

Վարչապետը Անգարա մեկնած էր Թուրքիոյ հրաւէրին ընդառաջելով ներկայ գտնուելու Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի՝ նախագահի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան։

«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա իր այցելութեան շրջագիծէն ներս, վարչապետը կարճ զրոյց մը ունեցած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: