«Արմէնփրէս»._Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, Ատրպէյճանի Զինեալ ուժերը Արցախի հետ շփման գիծի կեդրոնական եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ խախտած են զինադադարը` կիրառելով հրաձգային զէնք։

Հայկական կողմը կորուստներ չունի։

Զինադադարի խախտումին մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։

5 Յունիսի տեղւոյն ժամը 10։00-ի դրութեամբ իրավիճակը շփման գիծին մէջ յարաբերականօրէն կայուն է։