Այսօր, Իրաքի նախագահական պալատէն ներս, Իրաքի նախագահ Ապըլլաթիֆ Ճամալ Ռաշիտ ընդունեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատը։
Նախարար Մըքտատ փոխանցեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի ողջոյնները նախագահ Ռաշիտին եւ Իրաքի ժողովուրդին։

Նախարար Մըքտատ բարձր գնահատեց Իրաքի հպարտալի կեցուածքները Սուրիոյ նկատմամբ եւ արաբական Լիկայի ժողովներուն մէջ Սուրիոյ անդամակցութեան վերաշխուժացման գծով Իրաքի դիւանագիտական դերակատարութիւնը։ Ան յայտնեց, որ Սուրիա կը ձգտի երկու երկիրներու եղբայրական յարաբերութիւնը զարգացնելու եւ տնտեսական ու առեւտրական փոխանակումները ընդլայնելու։

Իր կարգին նախագահ Ռաշիտ շեշտեց Սուրիոյ եւ Իրաքի կայուն յարաբերութիւնները զարգացնելու կարեւորութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ։